
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ 2013ին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առանցքային ուղղութիւնները պիտի ըլլան տնտեսութիւնն ու կրթութիւնը:
Ամփոփելով նախորդ տարին՝ 2012ը, դեսպանը զայն կարեւոր նկատած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար. ամբողջացած է, հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակը, որուն առիթով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Հայաստան այցելած է:
Դեսպանը նշած է, որ 2013ին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու առումով տնտեսական համագործակցութեան իմաստով աշխատանքներ պիտի տարուին, պարտադիր չէ, որ ատիկա կատարուի կառավարութիւններու մակարդակով, կարելի է նաեւ ատիկա ընել սովորական մարդոց միջոցով:
Մինսկի խումբի աշխատանքներուն մասին դեսպան Հեֆըրնը շատ կարճ խօսած է. «Կ՛ուզէի, որ ներկայիս խօսէի յաջողութիւններու մասին, բայց ցաւօք չեմ կրնար»:
Դեսպանը յիշեցուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Փարիզի մէջ. կողմերը դեռ բանակցային սեղանի շուրջ են, քննարկումները կը շարունակուին, կողմերը կրնան շուրջ 20 տարի եւս բանակցային սեղանի շուրջ պահել եւ կանխել մեծ տարողութեամբ թշնամական գործողութիւնները. «Ասիկա բաւարար չէ, բայց, այնուամենայնիւ, կը կարծեմ, որ որոշ յաջողութիւն է», յայտնած է դեսպանը։
Դեսպանը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն եւ նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ան նշած է, որ սփիւռքահայերու հետ հանդիպումներուն ընթացքին ընտրութիւններուն առնչութեամբ հարցումներ ուղղուած են, եւ ինք նշած է, որ բարելաւումներ կան: Օրինակ՝ Մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն լրատուամիջոցներուն մէջ լսելի եղած է ընդդիմութեան ձայնը, ընտրատեղամասերուն մէջ կազմակերպչական աշխատանքները բարելաւուած են, բայց գոյութիւն ունեցած են խնդիրներ: Ընտրակաշառքներու մասին արձանագրութիւններ կան, նաեւ վարչական պաշարներու եւ կարողականութեան օգտագործման մասին տուեալներ կան։
Լրագրող մը հարցուցած է, որ եթէ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարուէին, հաւանակա՞ն էր, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրը դարձեալ գործադրուէր. դեսպանը պատասխանած է, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»ուն հետ Հայաստանի առաջին ծրագիրը յաջող եղած է: Ամբողջ երկրին մէջ շուրջ 170 տոլարի ծրագիրներ իրականացուած են: Հիմնադրամը եւս գոհ եղած է աշխատանքներէն: «Մենք յոյսով ենք, որ յառաջիկային Հայաստանը իրաւասու ըլլայ մասնակցելու եւ մրցութային հիմունքներով ծրագիրի իրականացման առիթ ու կարելիութիւն ստանալու»:
Այդուհանդերձ, դեսպան Հեֆըրնը յայտնած է, որ որպէսզի Հայաստանը կրկին կարողանայ ֆինանսաւորում ստանալ, երկիրը որոշակի չափանիշներու պէտք է համապատասխանէ, կան 13 տարբեր ցուցանիշներ, որոնց կարգին ընտրութիւններու վերաբերող բաժիններ։ Եւ արդար ընտրութիւնները Հայաստանի համար խթան կրնան հանդիսանալ յաջորդ անգամ ծրագիրին մասնակցելու համար: «Բայց Հայաստանի հիմնական խոչընդոտը այդ չէր՝ ծրագիրի ցուցանիշներուն համապատասխանելու համար, այս տարի Հայաստանը խանգարող հիմնական հանգամանքը փտածութեան վերաբերող ցուցանիշն էր», յստակացուցած է Ճ. Հեֆըրնը:
Այս հարցը եւս, ըստ դեսպանին, կը շարունակէ մնալ լուսարձակի տակ, եւ կառավարման թափանցիկութիւնը, հակափտածութեան աշխատանքներու բարելաւումը կրնան օգնել, որպէսզի Հայաստանը կարողանայ ծրագրային պահանջներուն համապատասխանել: