
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Բազմաթիւ լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ ու պարզ քաղաքացիներ 30 Յունուարին երթ կատարած են Երեւանի փողոցներուն մէջ՝ ի պաշտպանութիւն «Ժողովուրդ» օրաթերթին։
Օրաթերթը դատական վէճերու մէջ է գործարար Խաչիկ Խաչատրեանի հետ, որ թերթէն 3 միլիոն դրամ կը պահանջէ, իսկ Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը արգելակած է թերթին աշխատանքը եւ լրագրող Սոնա Գրիգորեանի գոյքը: «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սոնա Գրիգորեանը նշած է, թէ իրենք կը պահանջեն վերցնել արգելքը, որպէսզի թերթը կարենայ շարունակել իր բնականոն գործունէութիւնը: «Մենք պայքարելու ենք, որ մեր գործունէութեանը չկարողանան խոչընդոտել ինչ-որ գործարարներ, որոնք ամէն կերպ փորձում են լռեցնել մեզ: Իրենց մօտ դա չի յաջողուելու», նշած է ան:
Երթին մասնակցեցան նաեւ նախագահական թեկնածու Հրանտ Բագրատեանը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան քարտուղար Ստեօպա Սաֆարեանը, ազատամարտիկներ Սասուն Միքայէլեանն ու Սմբատ Այվազեանը, Հայ Ազգային Կոնգրեսի անդամներ Գուրգէն Եղիազարեանն ու Պետրոս Մակեյեանը, նախագահի նախկին խորհրդական Գառնիկ Իսագուլեանը, քաղաքագէտ Հմայեակ Յովհաննիսեանը, իրաւապաշտպաններ, լրագրողներ եւ այլ անձեր, որոնք «Ժողովուրդը «Ժողովուրդ» օրաթերթի հետ է», «Թոյլ չենք տայ, որ ժամկէտանց ձու վաճառողը դատարանի վրայ իշխէ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած են:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին թերթին խմբագիրը Թագուհի Թովմասեանը նշած է, թէ որեւէ պահու դատարանը կրնայ մտնել խմբագրութիւն, վերցնել գոյքը՝ խոչընդոտելով թերթի գործունէութիւնը:
Օրաթերթի լրագրող Քնար Մանուկեանը կարդացած է իրենց յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած է. «Հայաստանի քաղաքացին չի կարող նահանջել օլիգարխների առջեւ: Գործարար լինելը դեռ չի նշանակում ամենակարող լինել»: Ան նաեւ ներկայացուցած է վէճին նախապատմութիւնը, ըստ որուն, «Ժողովուրդ» օրաթերթը նախորդ տարուան Դեկտեմբերին տեղեկութիւն ստացած է այն մասին, որ ԵԹՖն ժամանակը անցած ձուեր կը ծախէ, զանգահարած է Խաչիկ Խաչատրեանին՝ ճշդելու տեղեկութիւնը: «Ժողովուրդ» օրաթերթը որոշած է հրապարակել լուրը, քանի որ անիկա աւելի քան արժանահաւատ էր: Երկու ամիս առաջ սնունդի անվտանգութեան նախարարութիւնը ստուգումներ կատարած է ԵԹՖի մէջ եւ յայտնաբերած է ժամկէտանց ձուեր: Այս լուրի հրապարակումէն ետք, ըստ թերթին, այլ տեղեկութիւն փոխանցուած է այն մասին, որ Խաչիկ Խաչատրեանը ՊԵԿի մէջ աղմկած ու կռիւ ըրած է: Սոնա Գրիգորեանը հեռաձայնած է խաչատրեանին, որ ցուցաբերած է անհաւասարակշիռ պահուածք եւ հայհոյանքի լեզուով վիրաւորած լրագրողին: Օրաթերթը դիմած է դատարան՝ պահանջելով ներողութիւն խնդրել: Ճախատրեանը իր կարգին դիմած է դատարան՝ թերթէն 3 միլիոն դրամ պահանջելով: Դատարանն ալ, ըստ յայտարարութեան, արգելք դրած է գոյքին վրայ:
Յայտարարութեան հրապարակումէն ետք երթի մասնակիցները «Արդարութիւն» բացագանչութիւններով ուղղուած են դէպի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու դատարան: Կառավարութեան շէնքին առջեւ երթի մասնակիցները կանգ առած են եւ բարձրախօսով ներկայացուցած իրենց պահանջը, իսկ դատարանին մօտ տեղի ունեցած է կարճ ցոյց մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած են Գուրգէն Եղիազարեանը, թերթի խմբագիր Թագուհի Թովմասեանը:
Այնուհետեւ «Ժողովուրդ» օրաթերթի խմբագիրը դատարանին յանձնած է նամակ մը, որով դատաւոր Ռուբէն Ափինեանէն պահանջած է վերցնել գոյքին վրայ դրուած արգելանքը: