
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ համայնքային կառոյցներու նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ կը շարունակուի «Օգնենք Հալէպ քաղաքի հայկական թաղամասերու բնակիչներուն» ծրագիրին մաս կազմող բարեսիրական նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը։
Վիրահայոց Թեմի մամլոյ դիւանէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 29 Յունուարին Վանօ Սարաջիշվիլիի անուան երաժշտանոցի Փոքր դահլիճին մէջ կայացած է դասական երաժշտութեան համերգ, որուն սիրով իրենց մասնակցութիւնը բերած են տարբեր ազգութեան պատկանող երգ-երաժշտութեան վարպետ կատարողներ:
Համերգին ներկայ եղած են Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեանը, Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը, համայնքային կառոյցներու պաշտօնէութեան եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներ:
Համերգը սկսած է մարտական գործողութիւններուն պատճառով ռմբակոծութիւններու ենթարկուած Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի հայկական թաղամասերու ներկայ իրավիճակը արտացոլող պատկերներու ցուցադրութեամբ, ո-րուն կ՛ուղեկցէր կիթառի մելամաղձոտ նուագը:
Ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն արժանացած են միջազգային մրցումներու յաղթող եւ «Կրան փրի» մրցանակի դափնեկիրներ Նաթիա Մտինարաձէի, Ռեգինա եւ Քրիստինէ Մեհրապովաներու, Լիզի Ռամիշվիլիի, հանրապետական եւ միջազգային մրցումներու դափնեկիր Եսայի Աբովեանի , Թիֆլիսի օփերայի եւ պալէի թատրոնի դերասանուհի Իրինա Թափորիձէի,Վրաստանի ֆիլհարմոնիքի մեներգչուհի Սուետլանա Տատոեւայի, Վանօ Սարաջիշվիլիի անուան երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Էռնստ Առաքելովի, բազմաթիւ մրցումներու դափնեկիրներ Ինալ Ճիոեվի, Անրի Մեհրապովի եւ այլոց վարպետ կատարումները:
Բարեսիրական համերգին բերած իրենց մասնակցութեան համար կազմակերպիչ մարմինը շնորհակալագիրներ յանձնած է համերգի բոլոր մասնակիցներուն: Տոմսերու վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի փոխանցուի «Սիրիահայերի օգնութեան հիմնադրամ»ին: