ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Յետադարձ հայեացքով մը, դեռ նոր անդրադարձայ, թէ անցեալ տարուան Յունիսէն ի վեր «Ասպարէզ»ի երկշաբաթեայ սիւնակս թափուր մնացած է ու հաճոյքը չեմ ունեցած ընթերցողներուս հետ բաժնելու ազգային, քաղաքական, ընկերային բազմապիսի ու բազմաշերտ մտահոգութիւններս, ուրախառիթ պահերս ու առհասարակ՝ սփիւռքահայու տագնապներս։
Այո՛, բարեկամներ, վերջին վեց ամիսներուն, զանազան ձեռնարկներու յաճախ կը հանդիպէի հաւատարիմ «ճան-ճիկեար» ընթերցողներուս, որոնք սգաւորի զգացողութեամբ հարց կու տային, թէ ի՞նչն է պատճառը «Ասպարէզ» թերթին տասնամեակներ երկարող աշխատակցութեանս դադարեցման։ Ոմանք ալ, ժամանակաւոր այդ բացակայութեան ետին թերթի խմբագրութեան հետ անհամաձայնութեան տարրեր փնտռելու իրենց ճիգերը հազիւ թէ կը թաքցնէին։
Առանց հանուրին հարցասիրութիւնը բաւարարած ըլլալու յաւակնութեան, ցարդ պարզ ու մէկին եղած է պատասխանս. «Սիրելինե՛ր, շնորհակալ եմ ձեր հետաքրքրութեան համար, սակայն վերջերս ամբողջ ուշքս նոր վէպի մը վրայ կեդրոնացուցած ըլլալով՝ ստիպուած եղայ շրջան մը դադրեցնելու հրապարակագրական փորձերս…»:
Արդարեւ, կրկնութեան մէջ իյնալու գնով աւելցնեմ, թէ անսալով խոհեմութեան ձայնին՝ ուզեցի անյապաղ «Փասփորթ» վէպիս երկրորդ հատորին ձեռնարկել ու մերօրեայ ազատագրական պայքարը պատկերող այդ վէպը իր լրումին հասցնել, իսկ անյաջողութեան պարագային՝ երրորդ հատորը Ղարաբաղ տեղադրել՝ Արցախեան ազատագրական պայքարը բնական շարունակութիւնը համարելով Եանիկեանի կրակոցով ծայր տուած անհատի պատերազմին ու մերօրեայ ազատագրական պայքարին։
Ընթերցողը լուսաբանելու համար, հետեւեալ միտքերը վերցուցած եմ «Փասփորթ»ի երկրորդ հատորին սկիզբը զետեղուած հեղինակի խօսքէն, գաղափար մը տալու համար, թէ գրողի մը ստեղծագործական կեանքին մէջ ինչպիսի՞ հոգեբանական տագնապումներու ու վերիվայրումներու տեղի կրնայ տալ քսան տարի առաջ գրուած վէպ մը շարունակելու փորձը։
«Անկեղծ ըլլալու համար խոստովանիմ, թէ գրողական երկար կեանքիս ընթացքին երբե՛ք չեմ հետաքրքրուած, թէ միւս հեղինակները իրենց երեւակայութիւնը խթանելու համար ի՞նչ հնարքներ կը գործադրեն։ Նոր գործի մը ձեռնարկման նախօրէին, ստեղծագործական ինչպիսի՞ միջոցներու կը դիմեն՝ իրենց ահը յաղթահարելու համար։
«Իմ պարագայիս՝ գոնէ 70ը թեւակոխած գրողիս պարագային, որ անյուսութեան եւ ահաւոր «սթրես»ի խորխորատը սահելու առօրեայ տագնապը կ՛ապրի ամէն րոպէ, տեսակ մը զգետնող դատարկութեան սողոսկումը կը զգամ էութենէս ներս, ինչպէս նաեւ նոր գործի մը ձեռնարկողի անորոշութիւնը կ՛ապրիմ ամէն րոպէ, երբեմն՝ ինքնամտրակումի եւ այպանումի խստագոյն ոլորտները հասցնելով տատամսումներուս արդիւնք հանդիսացող տուայտանքս։
«Երկու տասնամեակէ ի վեր յաճախ խորհած ու խոկացած եմ բախտաւոր օր մը «Փասփորթ» վէպին երկրորդ հատորը գրելու մարտահրաւէրին շեշտակի նայելու մասին։ Գրելը ինքնին երբե՛ք հարց չէ եղած ստեղծագործական աւելի քան յիսնամեայ կեանքիս ընթացքին։ Սակայն վէպի մը կամ գրական գործի մը աւարտին, անտիպ մնալու անդոհը մէջս յաճախ անդամալուծութեան հասցուցած է գրելու տենդը՝ անգոսնելով այդ արարքը գլուխ հանելու վճռակամութիւնս»։
«Փասփորթ»ին երկրորդ հատորը՝ մօտ 300 էջ, մէկ շունչով գրեցի, վերջացուցի, սակայն ըսելիքս, դէպքերու զարգացումը, անոնց աւալանշային հոսքը իրենց աւարտին ու լրումին չի կրցայ հասցնել։ Երրորդ հատորին ձեռնարկելով՝ 100 էջ մըն ալ գրեցի՝ համոզուելու, թէ այդ մէկն ալ իր աւարտին հասցնելու համար, պիտի սպասեմ բախտաւոր այն օրուան, երբ կեանքի պայմաններս ինծի թոյլ պիտի տան անձամբ Ղարաբաղ ուղեւորուելու, հետեւելու համար հերոսներուս ոտնահետքերուն, պանդուխտ հայու արեանս մէն մի կաթիլով զգալու համար հայկական Արծուաբոյնի սրտի տրոփը, այդպիսով՝ վէպը իր աւարտին հասցնել փորձելու։
Այո՛, սիրելի ընթերցող, ձեր ծառան ձեռնածալ չէր նստած, ոչ ալ ոեւէ մէկուն հետ բանավէճ ու անհասկացողութիւն ունեցած էր։ Գլուխ ու ջիղ չունիմ ոեւէ մէկուն հետ վէճի ու բանակռիւի բռնուելու՝ եթէ դիմացինս զիս հանգիստ թողու ու մարդկային արժանապատուութիւնս ոտքերուն տակ չժպրհի ու չփորձուի տրորել…
Կ՛արժէ նաեւ կարեւոր սա կէտը յստակացնել։ Ես անձամբ պիտի չորոշեմ, թէ ե՞րբ «Ասպարէզ»ին աշխատակցութիւնս պիտի դադրեցնեմ։ Ատիկա ի՛նք՝ բնութիւնը պիտի շեփորէ։ Եւ այնքան ատեն, որ բարին Աստուած ինծի երիտասարդական աւիւն, խինդ ու եռանդ կը շնորհէ, իմ անկիւնէս համեստ աշխատակցութիւն պիտի շարունակեմ բերել ու արդար խօսքս լսելի դարձնել իմ սիրած, իմ պաշտած հայ մամուլին։
Ստորեւ՝ անտիպ գործերուս ցանկը, եթէ որեւէ ազգային կառոյց, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով, հետաքրքրուի յատկապէս այդ թեմայով գրուած անտիպներուս ճակատագիրով.
Ինքնագիր
1- Հրապարակագրական փորձեր, փորձագրութիւններ, դասախօսութիւններ, հարցազրոյցներ, ակնարկներ ու գրախօսականներ՝ 8 հատոր
2- Անտիպ պատմուածքներ՝ 1 հատոր
3- Մանկապատանեկան գրականութիւն՝ 2 հատոր
4- «Ֆրիվէյ» վէպին երկրորդ հատորը՝ 1 հատոր
5- Բանաստեղծութիւններ հայերէն ու անգլերէն՝ 1 հատոր
6- Երգիծական փորձեր՝ 2 հատոր
7- «Փասփորթ» վէպին երկրորդ հատորը՝ 1 հատոր
8- «Ազգատոհմիս գողգոթան»՝ 1 հատոր
9- Հայ ու միջազգային խոհանոց. համադամներ՝ 1 հատոր
Թարգմանութիւններ
«Մարաշի առիւծները», Ճոնաթան Քերր՝ 1 հատոր
Mission to Marash – «Ազգատոհմիս գողգոթան»՝ 1 հատոր
The Passport – «Փասփորթ» հատոր առաջին՝ 1 հատոր
Decadence – «Փտախտ»՝ 1 հատոր