ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորին, Հինգշաբթի, 14 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «սինէ քլապ»ի շարժապատկերներու ցուցադրութեան շարքին 2րդը՝ Ծովիկ Թորիկեանի «Պալա Ուալա Շի» ժապաւէնին ներկայացումը:
Թատերական միաւորի անունով Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ծովիկ Թորիկեանի կենսագրականը: Ան յայտնեց, որ Ծովիկ Թորիկեան աշխատած է լիբանանեան կարգ մը շարժապատկերներու մէջ՝ իբրեւ օգնական բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ թատերախաղերու, վաւերագրական եւ կարճ ժապաւէններու մէջ: Մխսեան նկատել տուաւ, որ անոր բեմադրած 3 կարճ ժապաւէններէն մէկն է «Պալա Ուալա Շի» ժապաւէնը եւ հրաւիրեց բեմադրիչը ներկայացնելու զայն:
Ծովիկ Թորիկեան յայտնեց, որ շարժապատկերը փորձառական է, եւ ինք ուզած է 15 վայրկեանի մէջ առանց ընդմիջումի պատմել 3 կարճ պատմութիւններ, ինչ որ բաւական դժուար է: Ան նկատել տուաւ, որ ժապաւէնը մարդկային յարաբերութիւններու մասին է:
Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին «Պալա Ուալա Շի» ժապաւէնը, որուն տեւողութիւնը 15 վայրկեան է եւ կը խօսի 3 տարբեր անձերու մասին, որոնք «փապ» գացած են խմելու եւ իւրաքանչիւրը ունի իր հոգն ու հարցը, զորս կը պատմէ միւսին:
Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բեմադրիչին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.