ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շատեր համաձայն են եղած այն գաղափարին, որ աւանակը ուղեղ չունենար: Հայկական առածներու մէջ միշտ օգտագործուած ծանօթ այս կենդանիին մասին, կան անշուշտ նաեւ դրական արտայայտութիւններ: Օրինակ, անոր համար ըսուած է, թէ՝ երկրորդ անգամ փոսը չ՛իյնար: Կամ՝ յաճախ կը խօսուի անոր համբերատար աշխատասիրութեան մասին:
Այս ամէնը՝ ըսելու համար թէ՝ էշը խե՞լք ունի: Առակներուն մէջ յաճախակի անոր օգտագործումը փա՞ստ է արդեօք անոր ուղեղ ունենալուն: Ո՛չ բնականաբար: Բոլոր կենդանիներն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, կենդանական բնազդով կը շարժին, երբեմն այն տպաւորութիւնը թողելով, թէ՝ կը մտածեն նախքան այս կամ այն արարքը կատարելը: Ատիկա սոսկ տպաւորութիւն է սակայն: Որովհետեւ գիտականօրէն հաստատուած է, թէ կենդանիները բանականութենէ զուրկ են, եւ թէ՝ մարդս անոնցմէ տարբերող հիմնական երեւոյթը, մարդուս տրուած աստուածաշնորհ բանականութիւնն է:
Կը պատմուի, թէ էշը իր փալանը նետած, վազելով կ՛անցնէր աւանի փողոցներէն: Իշապանին բարեկամները մէկ կողմէ, պատահական անցորդները միւս կողմէ, դիմացը կանգնելով կը հարցնեն թէ ո՞ւր կ՛երթայ այդքան արագ: Կենդանին կը պատասխանէ.
_ Անձնասպան պիտի ըլլամ:
Անցորդները զարմացած հարց կու տան թէ ինչո՞ւ այդ դաժան որոշում կայացուցած է բարի կենդանին: Արդեօ՞ք մէկը սպառնացած է իրեն, կամ՝ արդեօ՞ք ստիպողութեան դիմաց կը գտնուի, կամ՝ արդեօ՞ք յուսահատելու այնքան լուրջ պատճառ ունի, որ այդքան հաստատակամ կը դիմէ նման վտանգաւոր քայլի: Անցորդները այն համոզման կու գան ի վերջոյ, թէ՝ իր առօրեայ տաժանակիր աշխատանքէն զզուած, էշը դիմած է անձնասպանութեան, վերջ տալու համար ստրկութեան անհաճոյ այդ կեանքին:
_ Ո՛չ, _կը պատասխանէ էշը,_ կ՛ուզեմ որ տէրս ոտքով երթայ ու գայ յետ այսու:
Այո՛: Երբ կ՛ըսուի թէ աւանակը ուղեղ չունի, ճիշդ իր ա՛յս որոշման ճամբով կարելի է հաստատել այդ իրականութիւնը: Ուղեղի բացակայութեան պատճառով, ան չի կրնար մտածել, թէ՝ իր տէրը առանց էշի թողելու եւ քալելով ղրկելու գինը, իր կեանքն իսկ է: Աւելին, ուղեղի բացակայութեան հետեւանքով, անիկա չկրնար մտածել, թէ տէրը կրնայ ուրի՛շ էշ ճարել իր փոխարէն, ու անոր վրայ հեծնել: Ուղեղի չգոյութեան բերումով, անիկա չկրնար մտածել, թէ՝ այս ամբողջ հարցին մէջ, միակ տուժողը ի՛նք պիտի ըլլայ, իր կեանքը կորսնցնելով:
Նոյն տգէտ յամառութեան երեւոյթին կարելի է հանդիպիլ նաեւ մարդոց կեանքին մէջ: Վերջապէս, առածներու ճամբով տրուող կենդանական օրինակները որո՞նց համար կը ներկայացուին, եթէ ոչ՝ մարդկութեան: Ուրիշին վնաս հասցնելու համար, սեփական անձը վտանգողներու շա՜տ կարելի է հանդիպիլ: Տակաւին, կանխամտածուած վնասակարութիւնը հասկնալի է: Իսկ, վերոյիշեալ անասունին նման ինքնասպանութեամբ ուրիշին վնաս հասցուցած ըլլալ կարծե՞լը:
Ինչքա՜ն նուիրական պարտականութիւն կը նկատուի, ու նոյնիսկ հերոսութիւն կը համարուի ուրիշին համար կեանքը զոհելը: Օրինակ՝ մէկուն կեանքը ազատելու համար, իր սեփական կեանքը վտանգել: Կամ՝ հայրենիքի ազատութեան համար, իր կեանքը զոհաբերող զինուորը, որ նոյնիսկ յետ մահու ինչքա՜ն բարձր պատիւներու կ՛արժանանայ: Մինչդեռ ուրիշին վնասելու համար իր սեփական կեանքը զոհողը, պարզապէս «էշ նահատակ» կը կոչուի ժողովրդային լեզուով, նման, պատմութեան մէջ յիշուած իշուն, որ իր տէրը քալեցնելու հեռանկարով, կը դիմէր անձնասպանութեան:
Հօրենական ժառանգի ամբողջ բաժինը յափշտակելու միտումով, ժառանգաւոր եղբայրներէն մին կը ջանար միւսը զրկելու հնարքներ փնտռել: Այնքան թոյլ ու տկար հիմքով հնարքներ էին ատոնք, սակայն, որ նոյնիսկ ի՛ր ստանալիք բաժինը զոհ կրնար երթալ կազմակերպուած խաղին:
Շրջապատի ծանօթներ, որոնք կը հետեւէին «բեմադրուող թատրոն»ին, յիշեցումի կարգով ըսին իրեն, թէ՝ իր այդ քայլով կրնար կորսնցնել ո՛չ միայն իր եղբօր բաժինը, որուն համար կը կազմակերպէր ամբողջ խաղը, այլ՝ նոյնիսկ իրեն բաժին ինկող ժառանգութիւնը:
Զեղծարարը, սակայն, այնքա՜ն ինքնավստահութիւն ներշնչած էր ինք իր անձին, որ չէր կրնար պատկերացնել իր պարտութիւնը: Ուստի, պատմութեան մէջ յիշուած երկարականջ կենդանիին նման, «անձնասպանութեան» կը դիմէր, ըսելով որ մինչեւ վերջ պիտի պայքարի, հասնելու համար արդիւնքի: Այդ արդիւնքը եթէ նոյնիսկ ըլլար ի վնաս ամբողջ ընտանիքին, ինք պատրաստ էր նոյնիսկ կորսնցնելու իրեն բաժին ինկող հօրենական ժառանգութիւնը: Ան կ՛ըսէր. թող ուրիշներ տիրանան մեր ժառանգին, բայց եղբայրս չտիրանայ…:
Նախանձին այլակերպութիւնն է այս: «Բարի», «միամիտ», «անգիտակից», «անմեղ» ու այլ պիտակներ կը կպցնեն մարդիկ նախանձի երեւոյթին: Օրինակ, «անմեղ նախանձ» կ՛ըսեն, երբ շատ փոքր տարիքի երեխաներ իրարու նախանձին, եւ իրարու ձեռքէ խաղալիք կամ քաղցրեղէն յափշտակեն: Կամ՝ «բարի նախանձ» կը կոչեն այն մարդոց առած քայլերը, որոնք տեսնելով ուրիշին յաջողութիւնը, կը ձգտին անոր նման ըլլալ, ու դրական միջոցներով կը հետեւին անոնց ուղղութեան:
Վերոյիշեալ դրուագը, սակայն, նախանձի այս խմբաւորումներուն մէջ կարելի չէ՛ զետեղել: Ասիկա պարականոն նախանձ է, ուղղակի այլակերպութի՛ւնը նախանձին, որ նաեւ ինքնավնաս յատկութիւն ունի: Առհասարակ նախանձոտը ուրիշին համա՛ր վատը կը ցանկայ: Այստեղ, սակայն, իր ա՛նձն ալ վտանգուած է, տիղմին մէջ իր հետ ուրիշներն ալ քաշելու արարքին նման, ամբողջովին հակառակ՝ «նախանձ» երկվանկ բառի կազմութեան՝ նախ[իմ]անձ[ս]:
Իշուն խելքը այսքան դարերէ ի վեր չէ՛ կրցած օրինակ ծառայել մարդկութեան: Խեղճ կենդանին մինչեւ իսկ անձնասպանութեան դիմած է, որպէսզի արթնութեան հրաւիրէ մարդկային ուղեղին, սակայն՝ ի զուր:
Նիւթի, դրամի, ժառանգի, շարժուն թէ անշարժ գոյքի առնչուող ամէն տեսակ բաժանումներու պարագային ալ, միշտ եղած են շահող ու պարտուող կողմեր: Աշխարհի արդարութիւնը բաւարար չէ՛, մարդոց միջեւ հաւասարութիւն գոյացնելու: Անարդարութիւնը ամէն տեղ տարածած է իր լայնանիստ թեւերը: Դատարաններն անգամ երբեմն անարդարութեան բոյներ կը դառնան, նիւթապաշտ փաստաբաններու կարծեցեալ երդումներուն ու շողոքորթութեանց տուրք վճարելով:
Աստուածաշնչական դրուագներու մէջ յիշուած ամէնէն հարուստ տիպարները, ու այժմ փոշիացած աճիւններով մեծատունները, չկրցան իրենց բաժին ինկած հարստութենէն մազ մ՛իսկ իրենց հետ տանիլ: Սողոմոնն իր ամբողջ փառքով մոխրացաւ, հողի վերածուեցաւ ու չքացաւ իբրեւ ֆիզիքական գոյութիւն: Անոնց կեանքին օրինակը եւս չկրցաւ մարդկութեան յետնորդ սերունդներուն սորվեցնել՝ հեռու մնալ իշուն խելքէն:
Դրուագին մէջ յիշուած կենդանին, սակայն, անմեղ է, իսկապէ՛ս անմեղ, որովհետեւ իսկապէ՛ս խելք չունի: Ատոր այդքա՛նը սահմանուած է միայն: Իսկ մենք՝ մարդիկս… չունի՞նք բանականութիւն, որ «անձնասպանութեան» դիմենք, պարզապէս ուրիշին վնասելու համար…: