ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Փե-տրուար 20ի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը անգամ մը եւս ժամադրավայրն էր մեր գրասէր հասարակութեան, որ եկած էր բանաստեղծաշունչ մթնոլորտ մը ապրելու եւ հաղորդակից դառնալու մեր ժամանակներու ամէնէն վաստակաւոր ու շնորհալի բանաստեղծներէն՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի հոգեկան աշխարհին։
Առաջնորդարանը, Հայ Գիրքի Տարուան առիթով, 2012ի վերջերը լոյս ընծայած էր բանաստեղծին ստորագրութիւնը կրող երկու գիրք՝ «Ես Գիրք եմ Հայերէն» եւ «Ողկոյզ»։ Չորեքշաբթի երեկոյեան, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ զոյգ գիրքերուն ողջունահանդէսը, ներկայութեամբ՝ բանաստեղծին, Ազգ. վարչութեան անդամներէն դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի, հոգեւոր հայրերու եւ գրասէր հասարակութեան մը։
Գրական երեկոն կազմակերպուած էր առաջնորդարանի Դաստիարակչական-մշակութային յանձնախումբին կողմէ։ Բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճերմակեանը, որ երեկոյին մասին հակիրճ բացատրութենէ մը ետք, բեմ հրաւիրեց բազմաշնորհ արուեստագէտ եւ «Լարք»ի փոխտնօրէնուհի Թագուհի Արզումանեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը։
Թագուհի Արզումանեան ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը։ Ան մեր մշակոյթի նորագոյն պատմութենէն դրուագներու անդրադառնալով, յաճախ նաեւ մեծարեալ բանաստեղծի գործերէն սեղմ մէջբերումներով, կարեւոր բաժին ունեցաւ սրահին մէջ բանաստեղծական համահունչ մթնոլորտի ստեղծման մէջ։
Ժագ Ս. Յակոբեանի վաղեմի բարեկամներէն ու գործակից-խորհրդակիցներէն Մայք Եուսուֆեանը արտասանեց սրտի խօսք մը՝ վկայութիւն տալով բանաստեղծին հայաշունչ դաստիարակի եւ աստուածահաճոյ նուիրումի վաստակին մասին։
Երկու գիրքերուն ներկայացումը կատարեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ հանգամանօրէն խօսեցաւ յաջորդաբար «Ես Գիրք Եմ Հայերէն» եւ «Ողկոյզ» հատորներու բովանդակութեան ու գրական արժէքին մասին։ Առաջինը՝ «Ես Գիրք Եմ Հայերէն», բանաստեղծութիւններու փոքր փունջ մըն է՝ հայ գիրքին ու մեր լեզուին նուիրուած գործեր, մաս մը քաղուած բանաստեղծի նախկին հատորներէն, իսկ կարեւոր թիւ մը՝ ստեղծագործուած այս հատորին համար։ Հայր սուրբը նշեց, որ զոյգ հատորները կը բացուին առաջնորդի յառաջաբանով, ուր կը նշուի, թէ Ժագ Ս. Յակոբեան եղաւ առաջիններէն, որոնք ընդառաջեցին 2012 տարին Հայ Գիրքին նուիրելու Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին։ Այս հատորը նորագոյն արտայայտութիւնն է հայ լեզուին, հայ գիրքին ու Ս. Գիրքին նկատմամբ բանաստեղծի հաւատարմութեան եւ նուիրումին, որոնք մաս կը կազմեն անոր աւելի քան 75 տարիներու վրայ տարածուող ստեղծագործական կեանքին։ Իսկ «Ողկոյզ»ը այլ հաւաքածոյ մըն է տարաբնոյթ արձակի եւ հեղինակին իսկ բնութագրումով՝ կը նմանի ողկոյզի, որուն հատիկները բաշխուած են մեր կարգ մը տաղանդաւոր հեղինակներու մասին վերլուծական ուսումնասիրութիւններու, ապա նաեւ՝ անձնական յուշերու, բանաստեղծին մասին վկայութիւններու։
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին. մեներգներով մասնակցութիւն բերաւ երիտասարդ արուեստագէտ Մելինէ Համբարձումեանը, դաշնակի վրայ նուագակցութեամբ Ալեն Տիշըքըրըքեանի. Մելինէ ներկայացուց Սայաթ Նովայէն «Իս քու ղիմէթըն չիմ գիտի» եւ Ալեմշահի «Գանձեր ունեմ» երգերը։
Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանէն 3 աշակերտներ արտասանեցին Ժագ Ս. Յակոբեանէն բանաստեղծութիւն մը։
Սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ Ժագ Ս. Յակոբեան, որ կազմակերպիչներուն ու ներկաներուն ուղղուած համապարփակ բայց հակիրճ խօսքէ մը ետք՝ յայտարարեց, թէ իր սրտի խօսքը պիտի ըլլայ բանաստեղծութիւն մը. ան վերացումով ու հոգեխռով արտայայտութեամբ ընթերցեց իր բանաստեղծութիւններէն երեք կտորներ, առաջինը՝ Վարդանանց նուիրուած կտոր մը (նկատի ունենալով, որ Փետրուարը յատկանշուած է Վարդանանց հերոսամարտի յիշատակումով), երկրորդը՝ հայերէնին հանդէպ սիրոյն եւ յանձնառութեան նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, իսկ երրորդը՝ «Սուրբ Գիրքը թող բաց մնայ» գործը։
Գրական ու գեղարուեստական հանդէսին եզրափակիչ իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց սրբազանը։ Ան առաջին հերթին դրուատիքով անդրադարձաւ այս գրական-գեղարուեստական երեկոն կազմակերպողներուն ու յայտագիրին մասնակցութիւն բերողներուն՝ դաստիարակչական-մշակութային յանձնախումբին, Թագուհի Արզումանեանի, Մայք Եուսուֆեանի, Մելինէ Համբարձումեանի, Ալեն Տիշըքըրըքեանի, ու մասնաւորաբար հայր Միւռոնին, որ խնամքով պատրաստած էր գիրքին ներկայացումը։ Ապա՝ կեդրոնացաւ նոյնինքն բանաստեղծի ներդրումին ու մասնաւորաբար այս հատորներու հրատարակման շարժառիթին։ Առաջնորդը վեր առաւ Աստուծոյ ու հայ բանաստեղծութեան ծառայ ըլլալու Ժագ Ս. Յակոբեանի արժանիքները, բարի, առաքինի ու համեստ մարդու նկարագրային գիծերը։ Սրբազանը երիցս շնորհակալութիւն յայտնեց ալեհեր բանաստեղծին եւ մտաւորականին, որ հայ սերունդներ դաստիարակած է հայութեամբ, նաեւ խօսքով ու կեանքի օրինակով յորդորած է բոլորը, որպէսզի Ս. Գիրքը բաց պահեն իրենց կեանքի ընթացքին։ Առաջնորդը իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ մեծարեալ բանաստեղծը իր հայանուէր եւ աստուածահաճոյ առաքելութիւնը շարունակէ անպարագիծ կերպով, ի խնդիր մեր մայրենիի հարստացման։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» երգով։ Այնուհետեւ, բանաստեղծը ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորանքները, մակագրեց զոյգ հատորներէն օրինակներ, մինչ ներկաները կը հիւրասիրուէին կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.