ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» եւ Սանթա Քլարայի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 2ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Սրահը՝ մուտքէն սկսեալ, շքեղօրէն զարդարուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ կոմիտէութիւններու գործունէութիւնները ներկայացնող լուսանկարներու ցուցատախտակներով: Բեմը պատշաճօրէն զարդարուած էր Դաշնակցութեան հիմնադիրներու նկարներով ու ամերիկեան, հայկական ու Դաշնակցութեան դրօշակներով:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Կապուտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, ազգային-հասարակական գործիչ՝ Լիլիթ Գալստեան՝ յատկապէս հրաւիրուած Հայաստանէն, նաեւ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներ Հրայր Սարգիսեան եւ Սագօ Փանոսեան, պատկան մարմիններու ու յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ 250է աւելի հանդիսականներ, որոնք եկած էին լսելու ու դատելու ՀՅԴի 122ամեակի առիթով տրուած դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴի քայլերգներու նուագով ու ՀՄԸՄի արի-արենոյշներու դրօշակներու արարողութեամբ, ապա՝ «Մշակ Բանուոր»ի երգեցողութեամբ: Հանդիսութեան բացումը կատարեց ու յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց շնորհալի հանդիսավարուհի Կարինէ Փանոսեան: Ողջոյնի խօսքերէն ետք, ան ըսաւ. «Դաշնակցութեան օրը, հաշուետուութեան եւ վերանորոգուելու օր է: Մարտահրաւէրներու ու նուաճումներու օր է: Այսօր գործադաշտի սահմանները չեն կեդրոնանար միայն սփիւռքեան մեր գաղութներով, այլ, Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, անոնք ընդարձակուած են: Այսօր Հայաստանի մէջ, հակառակ ընդդիմադիր կուսակցութեան կարգավիճակ կրելուն, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ տէր կանգնիլ ժողովուրդին՝ դիմադրելով անհաւասարութիւններու ու անարդարութիւններու դէմ»:
Ապա, շարունակելով իր խօսքը՝ Կ. Փանոսեան ըսաւ. «Եթէ ՀՅԴի հիմնադրութեան տարիներուն թշնամին մէկ էր, ապա Դաշնակցութեան պայքարը բազմաճակատ է այսօր: Բայց 122 տարուան փորձառութիւն ունեցող այս կուսակցութիւնը միշտ ալ կրցած է դիմագրաւել բոլոր խոչընդոտները ու յաղթահարել դժուարութիւնները»:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու խօսքը փոխանցեց Մարալ Պուրսալեան, որ նախ շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան 122ամեակը՝ մաղթելով նորանոր եւ յարատեւ յաջողութիւններ յաջորդող հարիւրամեակներուն: Ան իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով. «Հպարտ ենք, որ մաս կը կազմենք այն կուսակցութեան, որ իր հիմնադրութենէն 28 տարի ետք՝ 1918ին, իր կամաւորական գունդերով հիմնեց Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը՝ յաղթանակներ արձանագրելով Ղարաքիլիսէի, Բաշ-Ապարանի եւ Սարդարապատի դաշտերուն վրայ»:
Մ. Պուրսալեան, մասնաւորելով իր խօսքը սփիւռքահայութեան մասին՝ ըսաւ. «Սփիւռքի օտար ափերուն վրայ, դարձեալ Դաշնակցութիւնն էր, որ կազմակերպեց հայկական համայնքները, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Համազգային Հայ Մշակութային Միութիւնը, ՀՄԸՄը: 1990ին, Դաշնակցութիւնը հայրենիքի մէջ էր «Դէպի Երկիր» կարգախօսով. կարգախօս մը, զոր հնչեցուց ու նետուեցաւ Արցախի ազատագրման պայքարին: Սփիւռքի օտար ափերուն վրայ ապրող հայութեան համար, ճերմակ ջարդը կը հանդիսանայ ամենամեծ վտանգներէն մէկը, որ կը փորձէ ջնջել հայ ազգի ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ դիմագիծը: Բայց, իբրեւ մէկ ազգ, մէկ հայրենիք եւ մէկ ապագայ՝ միայն միասնականութեամբ եւ համազգային գործակցութեամբ է, որ պիտի յաջողինք դիմագրաւել ճերմակ ջարդն ու ամէն տեսակի խոչընդոտներ»:
Շրջանի քոյր կազմակերպութիւններուն կողմէ խօսք առնելով՝ Ռոզի Արիստագէսեան ըսաւ. «Մեծ հաճոյքով կը շնորհաւորեմ ՀՅԴի 122րդ ամեակը, յանուն ՀՅԴի քոյր կազմակերպութիւններուն: Անցնող 122 տարիներուն ընթացքին, ՀՅԴ հանդիսացաւ իբրեւ Սփիւռքի առաջնահերթ կազմակերպութիւն՝ վառ պահելով Հայ Դատի գաղափարը, միատեղ համախմբելով Սփիւռքի մէջ տարածուած հայ գաղութները: ՀՅ Դաշնակցութիւնը կազմուած է յեղափոխականներէ, որոնք կը զոհեն իրենց ժամանակը եւ անձնականը՝ նուիրուելու համար ՀՅԴի ազնիւ գործին: Մեր ֆէտայիները զոհեցին իրենց կեանքը մեր հայրենիքին համար, որովհետեւ գիտակցեցան մեր ազգի մշակոյթին եւ ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Մենք ալ կրնանք յեղափոխականներ ըլլալ՝ նուիրուելով ՀՅԴ գաղափարին եւ քոյր կազմակերպութիւններու գործին, վառ պահելու համար մեր ազգային ժառանգութիւնը եւ հետամուտ ըլլալու Հայ Դատին»:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Վիգէն Յովսէփեանը, իսկ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Լիլիթ Գալստեան:
Երեկոյթի գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերաւ «Երեւան» պարախումբը՝ երկու հայկական պարերով՝ «Վեր Վերի»ն ու «Սարդարապատ»ը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ֆլորա Մարտիրոսեանի: Ռաֆֆի Սեմերճեան, ընթացքին, իր կիթառով երգեց երեք երգեր, իսկ աւարտին՝ նաեւ շուրջ 10 երգեր՝ բարձր տրամադրութիւն եւ հաճելի պահեր ընծայելով ներկաներուն: Յայտագիրի ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, զոր կը ներկայացնէր կուսակցութեան քաղաքական եւ ֆէտայական պատմութիւններէն դրուագներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն. հանդիսականները մնացին երկար ժամեր՝ ըմբոշխնելով հիւրասիրութիւնն ու ընկերային պահը: