
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քաղցկեղի վերապրող Սոնա Տօնոյեան-Արապեանը պիտի մասնակցի ԱՍԻՔՍ Լոս Անճելըսի (ASICS LA) Մարաթոնին, Կիրակի, Մարտ 17, 2013ին, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի (ՀՕՄի) խումբէն: Երկրորդ տարին ըլլալով, ՀՕՄը պաշտօնապէս կը մասնակցի իբրեւ բարեսիրական կազմակերպութիւն ԱՍԻՔՍ Լոս Անճելըսի Մարաթոնին: Հինգ այլ անձեր կան ՀՕՄի խումբին մէջ, որոնք պիտի վազեն ՀՕՄի «Սրտէ Սիրտ» ֆոնտին կարիքաւորներու օգտակար ըլլալու համար:
Մէկ օր առաջ՝ Շաբաթ, 16 Մարտին, ՀՕՄի խումբ մը պիտի մասնակցի նաեւ Լոս Անճելըսի LABIG5K 5 քլմ. վազք-քայլարշաւին (3.1 մղոն), որ սկիզբ պիտի առնէ «Տաճըրզ» մարզադաշտէն:
26.2 մղոն երկարութեամբ մարաթոնը պիտի սկսի Լոս Անճելըսի «Տաճըրզ» մարզադաշտէն եւ պիտի աւարտի Սանթա Մոնիքա քաղաքին մէջ: Մասնակիցները կրնան առանձին վազել մարաթոնի ամբողջ երկայնքը կամ երկուքով բաժնեկցիլ զայն բարեսիրական դրօշարշաւի կանոնով (charity relay): Արապեան ամբողջ մարաթոնը պիտի վազէ իր նշանածին՝ Սագօ Տէֆդէրեանին հետ:
Արապեան մեծապէս ոգեւորուած է, որ մաս պիտի կազմէ ՀՕՄի այս խումբին եւ օգտակար պիտի հանդիսանայ նիւթական հանգանակելու «ՀՕՄի Սրտէ Սիրտ» Հիմնադրամին, որպէսզի օժանդակէ կարօտեալներուն: Արապեանի նպատակը միայն ՀՕՄի միջոցաւ ուրիշներուն օգտակար հանդիսանալը չէ, այլ նաեւ ոգեւորել բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքին մէջ լուրջ դժուարութիւններ կ՛ունենան եւ յատկապէս՝ քաղցկեղով տառապողներուն:
Արապեան, որ սննդառութեան դասատու մըն է, Հոկտեմբեր 2009էն առաջ, երբ տակաւին իր քաղցկեղի հիւանդութիւնը չէր բացայայտուած, մասնակցած է 18 մարաթոններու: Վազող ըլլալը մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ, որ ինք կարենայ տոկալ աստիճանաբար աւելի բարձր քիմիական բուժումներուն (chemotherapy) եւ հիւանդութեան բացայայտումէն իսկ ետք, անմիջապէս յաջորդող աշնան ան մասնակցած է Փասատինայի կիսամարաթոնին եւ գոհունակութեամբ ցոյց տուած է իր մետալը City of Hope-ի զինք բուժող խումբին:
«Սոնան տիպար օրինակ մըն է, որ վճռակամութեամբ կ՛ամբողջանցէ իր սկսած որեւէ մրցումը: Մեծապէս ուրախ ենք, որ ան որոշած է քաջալերել ՀՕՄի խումբը եւ միաժամանակ նիւթական օգնութիւն ապահովել մեզի դիմողներուն, որոնք կեանքի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն», հաստատեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան:
Յայտնենք, թէ յիշեալ զոյգ մրցումներուն մասնակից ՀՕՄի խումբի անդամներուն պիտի տրամադրուի ՀՕՄի խորհրդանիշը եւ հովանաւորներու անունները կրող շապիկ մը: Ուրախալի է, որ անցեալին Լոս Անճելըսի 5 քլմ. վազք-քայլարշաւի մասնակիցներ, ընտանիքներով եւ բարեկամներով կը շարունակեն մասնակցիլ այս նախաձեռնութեան, քաջալերելով առողջ ապրելակերպը:
Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են միանալու ՀՕՄի 5 քլմ. վազք-քայլարշաւին կամ Մարաթոնին, կամ նուիրատուութեամբ մը կը փափաքին քաջալերել ՀՕՄի մասնակիցները, կրնան կապ հաստատել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակին հետ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ office@arswestusa.org հասցէով:
Հայ Օգնութան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1,500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն եւ կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնեցէք (818) 500-1343 թիւին: