
ԵՐԵՒԱՆ.– Մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած ազգային ողբերգութեան հինգերորդ տարելիցին առիթով, 1 Մարտին Րաֆֆի Յովհաննէսեան բացօթեայ մալմոյ ասուլիս մը տուաւ Ազատութիւն հրապարակին վրայ։ Խօսքը հաւաքուած քաղաքացիներուն եւ լրագրողներուն ուղղելով՝ ան անդրադարձաւ 2008ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած դժնդակ դէպքերուն, որոնց ընթացքին զոհուեցան 8 քաղաքացիներ եւ 2 ոստիկաններ:
«Այլեւս երբեք», ուխտեց Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով. «Այլեւս երբեք թոյլ չենք տալու, որ հայի արիւնը հեղուի իր երկրի փողոցներում: Մենք պայքարելու ենք յանուն ժողովրդավարութեան՝ խաղաղ նուիրումով եւ արիութեամբ»:
Այնուհետեւ ան զոհերու յիշատակին նուիրուած երթով ուղղուեցաւ դէպի Մեասնիկեանի արձանը, ուր ծնրադրեց եւ ծաղիկներ զետեղեց՝ յարգելու զոհերու խաղաղ յիշատակը: Ապա ան ուղղուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ հոգեհանգստեան արարողութեան: