ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կիներու միջազգային օրն է այսօր: Ծաղիկներով, ուղերձներով, բանախօսութիւններով, շնորհաւորանքներով եւ կնամեծար տարբեր վերաբերումներով, այսօր տղամարդիկ ու հանգամանաւոր պաշտօնեաներ կ՛արտայայտեն իրենց երախտագիտութիւնը, սէրն ու յարգանքը՝ հանդէպ կիներուն, կը գովեն անոնց գեղեցկութիւնը, կը խոնարհին անոնց մայրական յատկանիշներուն առջեւ:
Տարին մէկ կամ երկու օր կիներուն յատկացնել, զանոնք փառաբանել, իսկ մնացեալ ամբողջ ժամանակը՝ անոնց հանդէպ նախապաշարուած, վիրաւորական, խտրական եւ երբեմն նոյնիսկ նսեմացնող վերաբերում ցոյց տալ. դժբախտաբար, այս դասակարգումին տակ ինկողներու բաւական մեծ թիւ կայ տակաւին այսօր. մարդիկ, որոնք իբրեւ պարտք կամ պարտականութիւն՝ կրնան տօնական ամէնէն հաճելի նուէրներով ու անակնկալներով ժպիտ պարգեւել իրենց կողքը գտնուող կիներուն, սակայն, ընդհանուր առումով՝ բացարձակ անտարբերութեամբ, արհամարհանքով նայիլ անոնց, զանոնք ստորադաս նկատել ու այդ դասաւորումէն բխած մօտեցումով վարուիլ անոնց հետ, առօրեայ կեանքի ընթացքին:
Մեր ժամանակներուն այս մասին անդրադառնալն իսկ պէտք է ամօթ նկատել: Մենք վաղուց պէտք է յաղթահարած ըլլայինք կիներու հանդէպ մեր մէջ եղած ամէն տեսակի խտրական վերաբերում, պէտք է արմատախիլ ըրած ըլլայինք կիները տարբեր, թոյլ, խոցելի, զոհ, մեր հոգատարութեան ու պաշտպանութեան կարիքը ունեցող արարածներ նկատող մտայնութիւնը:
Կիներու իրաւունքի, աշխատանքի, վարձատրութեան, գնահատման, պատասխանատուութեանց ստանձնման ու կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ ամբողջական հաւասարութեան ձգտումները վաղուց պէտք է մեր կեանքին մէջ սովորական իրողութիւններ ըլլային: Սակայն, այդպէս չէ՛ ու հաւանաբար, Մարտ 8ն արժեւորելու ու նշանաւորելու լաւագոյն ձեւը՝ այդ սովորական վիճակին շուտ հասնելու մեր յանձնառութեան յայտարարութիւնը կրնայ ըլլալ:
Srdakin Shnorhavoranks Mard 8in Donin Aritov!!