ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ահաբեկչութեան իմաստով Հայաստան 158 երկիրներու շարքին մէջ 97րդ դիրքը կը գրաւէ: Վարկանշային ցանկը կազմած է Տնտեսութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկը՝ Մերիլենտի համալսարանին հետ համագործակցութեամբ:
«Ահաբեկչական վտանգի ցանկ»ի պատրաստութեան ընթացքին նկատի առնուած են 4 չափանիշներ՝ 2012ին կատարուած ահաբեկչութիւնները, զոհերու ու տուժածներու թիւը, նիւթական վնասները:
Վարկանշային աղիւսակին մէջ առաջինը Իրաքն է, նախորդ տարի հոն տեղի ունեցած է 1228 ահաբեկչութիւն, զոհուած է 1798, վիրաւորուած 4905 մարդ: Եւ այս բոլորը տեղի ունեցած է այն երկրին մէջ, ուր ահաբեկչութեան մասնակցողները մահապատիժի կ՛ենթարկուին: Երկրորդ դիրքի վրայ է Փաքիստանը՝ 910 ահաբեկչութիւն, երրորդ՝ Աֆղանիստանը՝ 364 ահաբեկչութիւն:
Առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ Հնդկաստանը, Եմէնը, Սոմալիան, Նիկերիան, Թայլանտը, Ռուսիան, Ֆիլիփինները:
Հետազօտութեան համաձայն, 31 երկիրներու մէջ ահաբեկչութիւն չէ կատարուած: Լաւագոյն ցուցանիշները ունին Միացեալ Նահանգները, Ալճերիան եւ Քոլոմպիան։
Իսկ Հայաստանի դրացիներէն Թուրքիան 19րդ դիրքին վրայ է, Վրաստանը՝ 42րդ, Ատրպէյճանը՝ 81րդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.