ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 13ին Ատրպէյճան հասած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մուսա Աւսեւերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ կան 9 հրամանատարներ ու 21 սպաներ: Ըստ «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան՝ եռօրեայ այցելութեան ընթացքին բարձրաստիճան թուրք զինուորականները հանդիպումներ պիտի ունենան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ այլ կառոյցներու մէջ, երկու երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման նպատակով: Աւսեւեր Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան տարածաշրջանի ամենազօրաւոր երկիրներէն մէկն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.