
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան հարցազրոյցի մը ընթացքին խստիւ մերժեց երկիրը դէպի 1960ի ընտրական օրէնք տանող որեւէ քայլ՝ կոչ ուղղելով՝ վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որ իրաւունք պիտի հասցնէ իրաւատէրերուն:
Մանճեան շեշտեց, որ համախոհական լուծումի մը յանգելու համար, անհրաժեշտ է գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ ոչ թէ ձեռնածալ մնալ:
Անդրադառնալով «Մուսթաքպալ» հոսանքի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ բիւրեղացած ընտրական օրինագիծին՝ Մանճեան յայտնեց, որ այդ օրինագիծը «մեռած ծնած է», որովհետեւ քաղաքական իւրաքանչիւր խմբաւորում կ՛ուղղուի դէպի իր անձնական շահերու իրագործումը:
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ այն պաշտօնատարները, որոնք կը մերժեն վաւերացնել «Ուղղափառ հանդիպում»ին մշակած ընտրական օրինագիծը, պատասխանատու են երկրին մէջ տիրող անիշխանութեան: Ան աւելցուց, թէ պետական գանձարկղին ձեռք երկարողները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին ու ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն վերաբերող աշխատավարձի յաւելումները անյապաղ կատարել: