
ՖՐԵԶՆՕ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Փետրուար 27ին այցելեց Ֆրեզնոյի շրջանը: Սրբազանը, ընկերակցութեամբ առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Մկրտիչ սրկ. Քսաչիկեանի, այցելեց «Քալիֆորնիոյ հայ տարեցներու տուն»ը, ուր սիրալիր կերպով դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւորականներուն կողմէ: Առաջնորդն ու հոգեւորականները տարեցներու տան վարիչ Եուպա Ռատոյճքովիչի կողմէ առաջնորդուեցան ընթրիքի բաժինը, ուր տարեցները զարմացան հոգեւորականները տեսնելով: Անոնք արժանացան սրբազան հօր օրհնութեան եւ աղօթքներուն:
Ապա, Սրբազանն ու իրեն ընկերացող հոգեւորականները այցելեցին Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան Համագաղութային դպրոցը, ուր վերակացու Զարուհի Տէր Մկրտիչեան սիրալիր կերպով դիմաւորեց զիրենք: Սրբազանն ու հոգեւորականները այցելեցին բոլոր դասարանները: Սրբազան հայրը իր պատգամը փոխանցեց եւ լսեց նաեւ անոնց ողջոյնի խօսքերը, ապա պատասխանեց իրեն ուղղած բոլոր հարցումներուն:
Երեկոյեան, Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայց. եկեղեցւոյ «Պէրպէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց ընթրիք, ապա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն եւ սրբազանը իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն: Ան նաեւ տեղեկութիւններ հաղորդեց առաջնորդարանի գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին: Տեղի ունեցաւ նաեւ կարծիքներու փոխանակում: