ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ուրբաթ, Փետրուար 9ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի աշակերտները Բուն Բարեկենդանը տօնեցին: Հայկական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, յետմիջօրէին տեղի ունեցած յայտագիրին ընթացքին տեղի ունեցաւ տարազներու մրցում, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան այդ առիթին նուիրուած բանաստեղծութիւններ ու երգեր:
«Մեր դասաւանդութեանց կարեւոր նպատակներէն մէկն է վարժարանի աշակերտները ծանօթացնել հայկական տօներուն եւ աւանդութեանց: Հայութիւնը ունի հարուստ պատմութիւն եւ մեր աշակերտները, գիրքերով փոխանցուող գիտելիքներուն կողքին, նման միջոցառումներով կը հարստացնեն իրենց գիտելիքները», կը յայտնէ հայերէնի ուսուցիչներէն Կարինէ Փանոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.