
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի 66 քկ. ծանրութեան ըմբիշ Դաւիթ Սաֆարեան խլեց Եւրոպայի ախոյեանութիւնը։ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչ հանգրուանին Դաւիթ Սաֆարեանը 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած է թուրք Եաքուպ Գոռը եւ տիրացած Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկի մետալին:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ Հայաստան կը տիրանայ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան։