
ԵՐԵՒԱՆ.– «Ազատութեան» հրապարակին վրայ արդէն 11րդ օրն ըլլալով հացադուլ յայտարարած Րաֆֆի Յովհաննէսեան 20 Մարտին ընդունեց իր մայրը՝ Վարդիթեր ԿոճոլոզեանՅովհաննէսեանը, որ Միացեալ Նահանգներէն նոյն օրը ժամանած էր Հայաստան:
«Ազատութեան» հրապարակ կնոջ մուտքը ընկերակցեցաւ ծափահարութիւններով, եւ մնայուն կերպով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողքին եղող եւ անոր այցելող անձերը շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր, որ իրենց Յովհաննէսեանի նման որդի պարգեւած է: «Րաֆֆու նման մի 10 տղայ ունենայիք էլ», «Դուք մեր բոլորի մայրն էք» եւ նման արտայայտութիւններ անոնք ընդունեցին Վարդիթեր Յովհաննէսեանը, որուն ծաղիկներ նուիրեցին: Ինչպէս Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, այնպէս ալ անոր մայրը՝ որդիին բարեւելէ ետք պտըտեցաւ մարդոց մէջ, բարեւեց հանդիպած անձերուն, համբուրեց շատերը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Յատկանշական էր նաեւ այն, որ 20 Մարտին Յովհաննէսեան նուէր ստացաւ Մասիս սարէն փոքրիկ մասունք մը՝ Քերոբեան ընտանիքի անդամներուն կողմէ: Յովհաննէսեան քարը վերցուց եւ շրջեցաւ ժողովուրդի մէջ՝ առիթ տալով բոլորին քարին դպչելու:
PAV AE VOR MAYR AE,