
ԵՐԵՒԱՆ, «Անկախ».– Ալի Սալթանալի Սալթանը թուրք լուսանկարիչ է: Ծնած է Էրզրում (Կարին-«Ակունք»ի խմբ.), կ՛ապրի Անգարա: Ան 8րդ անգամն ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ: Առաջին անգամ Հայաստան եկած էր 2008ին՝ յայտնի հայ լուսանկարիչ Ռուբէն Մանկասարեանի հետ «Կարս-Գիւմրի լուսանկարչական կամուրջ» ծրագիրի ծիրին մէջ: Ռ. Մանկասարեանի հետ Ալի Սալթան իրականացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը լուսանկարելու ծրագիրը: 2009ին՝ Ռուբէն Մանկասարեանի մահէն ետք, Ալին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող լուսանկարչական աշխատանքը կը շարունակէ առանձին։
13 Մարտին Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ (ՆՓԱԿ) բացումը կատարուեցաւ Ալի Սալթանի «Գետին միւս ափը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ իրականացուած է «Սահմանին այն կողմը» նախագիծի ծիրին մէջ: Լուսանկարներուն մէջ Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանամերձ գիւղերն են՝ Բագարանն ու Հալիքիսլաքը, իրենց բնակիչներով: Կարծէք երկուքին մէջ ալ նոյն կեանքն է՝ նոյն առօրեայով: Ճիշդ ա՛յդ է լուսանկարիչին հիմնական փոխանցելիքը՝ մարդիկ կ՛ապրին կողք–կողքի, նոյն հոգերով ու երազանքներով, սակայն միաժամանակ չափազանց հեռու են իրարմէ:
Նախագիծին նպատակն է լուսանկարներու միջոցով այս երկու բնակիչները իրարու մօտեցնել, քանի որ զիրար չճանչնալը, անտեղեակութիւնը կրնայ յանգեցնել նախապաշարումներու, վախի եւ զայրոյթի, աւելի՛ն՝ արհամարհանքի, մերժման կամ աւելի վատ հետեւանքներու:
Նախագիծին հեղինակները ունին այն կարծիքը, որ դիմացինին մշակոյթին, հաւատքին ու ձգտումներուն ճանաչումը կրնայ նուազեցնել վախը եւ յաղթահարել տարակարծութիւնները:
«Այս երկու գիւղերը, որոնք կը գտնուին նոյն գետի տարբեր մասերուն վրայ, միաժամանակ շատ մօտ ու հեռու են իրարմէ, իմ փափաքս է ներկայացնել անոնց դիմացինին կեանքը», «Անկախ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է թուրք լուսանկարիչը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ինչ գիտէ եւ ի՞նչ է իր տեսակէտը՝ Ալին յայտնած է. «Ասիկա ցաւ է, ափսոսանք, զոր կարելի չէ վիճարկել, անոր համաձայն ըլլալ կամ չըլլալ, ատիկա միայն կարելի է կիսել»։
Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ շատեր, ինչպէս ինք, կ՛ընդունին Ցեղասպանութեան փաստը, բայց միաժամանակ չեն ուզեր անընդհատ այդ մասին խօսիլ, այլ կ՛ուզեն գործով բան մը փոխել:
Ալի Սալթանը յոյս ունի, որ այս ցուցահանդէսը ըլլալ փոքրիկ քայլ մը, որ այլ քայլերու հետ միասնաբար նպաստէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ տարակարծութիւններու վերացման:
Նախագիծին կ՛աջակցին նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուները։ Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Կոնսթանթին Օպոլենսքի, որ նոյնպէս ներկայ էր ցուցահանդէսին, «Անկախ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Այս երկու գիւղերուն բնակիչները կ՛ապրին կողք կողքի, սակայն շատ հեռու են իրարմէ: Փակ սահմանները անբնական երեւոյթ են, նման բան պէտք է ըլլայ: Ճիշդ է, որ այս ցուցահանդէսը չի կրնար աշխարհը փոխել, սակայն այդ մարդիկ, որոնք կ՛ապրին իրար կողքին, առանց զիրար ճանաչելու, գոնէ այս լուսանկարներուն միջոցով կրնան որոշ չափով ծանօթանալ իրարու, քանի որ ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն մէջ ալ»:
Նշենք, որ նոյն ցուցահանդէսը նախորդ տարուան Նոյեմբերին կայացած է նաեւ Անգարայի մէջ, ուր, թուրք լուսանկարիչին գործընկերուհիին համաձայն, շատ մեծ արձագանգ ունեցած է, ներկաներէն ոմանք նոյնիսկ արտասուած են։