
19 Մարտին Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոն այցելեցին երեք սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնցմէ երկուքը Արժանթինէն, մէկը՝ Միացեալ Նահանգներէն։ Անոնք հանդիպում ունեցան կեդրոնի տնօրէնութեան հետ ու ծանօթացան կազմակերպութեան աշխատանքներուն։
Սփիւռքահայ երիտասարդները Ջաւախքի վերաբերող տարբեր նիւթերու շուրջ հարցազրոյցներ կատարեցին կազմակերպութեան աշխատակիցներուն հետ՝ զանոնք իրենց երկիրներուն համայնքներուն մէջ ցուցադրելու նպատակով:
Երիտասարդական կեդրոնէն ետք անոնք այցելեցին Ախալցխայի Ս. Նշան եկեղեցի, ուր ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմութեան եւ ներկային:
Սփիւռքահայ երիտասարդներ օր մը առաջ այցելած էին նաեւ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոն եւ ծանօթացած կեդրոնի հայրենանուէր աշխատանքներուն: