
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 28 Մարտին սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը Ֆրանսա: Այցելութեան նպատակն է զարգացնել տնտեսական համագործաaկցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան եւ ֆրանսացի գործարարներու ու ներդրողներու միջեւ:
Աշխատանքային հանդիպումներուն ընթացքին Ա. Յարութիւնեան պիտի ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան ձեռնարկած նոր նախաձեռնութիւնները, մասնաւորաբար փոքր ջրելեկտրակայաններու (վերականգնուող ելեկտրակայան) եւ Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութեան ծրագիրները։
28 Մարտին վարչապետը հարցազրոյց տուած է «Ռոյթըրզ» գործակալութեան եւ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին:
Վարչապետին հանդիպումները պիտի շարունակուին մինչեւ 29 Մարտ։