ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Մարտին այցելած է Հադրութ եւ մասնակցած շրջանի վարչակազմի 2012ի գործունէութեան հաշուետուութեան նուիրուած նիստին: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, նիստին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկած են Հադրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեանը եւ տարբեր ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչներ:
Բակօ Սահակեան նշած է, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին Հադրութի մէջ լուրջ աշխատանք տարուած է։ Ըստ նախագահին՝ բայց եւ այնպէս տակաւին շրջանին մէջ կան անլոյծ մնացած հարցեր, որոնց առնչութեամբ յաւելեալ աշխատանքի ծաւալման նպատակով նախագահ Սահակեան յանձնարարականներ տուած է համապատասխան մարմիններուն։
Հաշուետու նիստին մասնակցած են նաեւ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.