ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան «Այսօր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Հայ-ադրբեջանական սահմանին ամէն օր էլ կրակոցներ հնչում են, սակայն դրանք վերջին 1-2 օրերին առանձնապէս շատ չեն եղել, փոխհրաձգութիւն չի եղել: Անհասկանալի է, թէ ինչ փոխհրաձգութեան մասին է խօսքը յատկապէս ինչ պատճառով է ադրբեջանական կողմը կորուստներ գրանցել»։
Յիշեցնենք, որ արդէն երկու օր է՝ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, իսկ ատրպէյճանական կողմը արդէն մէկ զոհ եւ երկու վիրաւոր տուած է:
«Հայկական կողմը վերջին օրերին կորուստներ չի ունեցել, իսկ թէ ինչ փաստերի հիման վրայ է ադրբեջանական կողմը նման պնդումներ առաջ քաշում, խիստ զարմանալի է», յայտնած է Յովհաննիսեան։
Չէ բացառուած, որ ատրպէյճանական կողմը յարձակողական գործողութիւններու նախապատրաստած ըլլայ, սակայն տարբեր պատճառներով ձախողած ըլլայ։ Ուստի, ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ սահմանին վրայ տեղի ունեցող «փոխհրաձգութեամբ» կամ «հայկական կողմի ակտիւութեամբ» հիմնաւորել իր կորուստները եւ մաքրել ձախողած գործողութեան հետքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.