«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՌԻ) ընկերութեան հրաւէրով՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, 20-24 Մարտ այցելեց Լիբանան, ուր հիւրը եղաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին: Ապա 25-29 Մարտ ԱՌԻի տնօրէն խորհուրդի կարգ մը անդամներու ընկերակցութեամբ ան այցելեց Կիպրոս, Զուիցերիա եւ Ֆրանսա:
Շրջագայութեան հիմնական նպատակն էր.
– Հայ գործարարներուն ծանօթացնել Արցախի մէջ շուրջ երեք տարիէ ի վեր գործող «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՌԻ) ընկերութիւնը,
– Ընկերութեան ներդրումներու շնորհիւ ձեռք բերուած տնտեսական աճը,
– Յառաջիկայ ծրագիրներու նախագիծը եւ Ներգրաւել նոր բաժնետէրեր ու ներդրումներ:
ԱՌԻ մինչեւ օրս փոքր վարկերու միջոցով 1.9 միլիոն տոլար տրամադրած է գիւղատնտեսութեան զարգացման համար: Ասոր զուգահեռ կը նախատեսուի վարկեր տրամադրել նաեւ ԱՌԻի նոր ծրագիրին՝ բնակարանաշինութեան մարզին, յատկապէս Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքի մուտքին 150 բնակարաններէ բաղկացած երեք հանգրուաններով կառուցուելիք գիւղին: Այս ծրագիրը եւս, ինչպէս նախորդը, ամբողջութեամբ կը համակարգուի Արցախի պետութեան հետ ու կը վայելէ անոր երաշխաւորութիւնը:
Վարչապետին ունեցած աւելի քան տասնեակ մը աշխատանքային հանդիպումներուն արդիւնքը եղաւ.
– Տարբեր գաղութներէ շուրջ 60 գործարարներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելու Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջաններու վերաբնակեցման աշխատանքներուն եւ ԱՌԻին անդամակցելով ներդրումներ կատարելու:
– ԱՌԻի ներկայ բաժնետէրերէն շատեր իրենց փոխատուութիւն-ներդրումները նշանակալիօրէն աւելցուցին:
Ձեռք բերուած արդիւնքներուն շնորհիւ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին կը նախաձեռնուի նոր կառուցուելիք գիւղի առաջին հանգրուանին:
Յոյսով ենք, որ ԱՌԻն պիտի ըլլայ համահայկական ներդրումային հիմնադրամի մը կորիզը, որ պիտի սատարէ Արցախի վերաբնակեցման ու տնտեսութեան զարգացման:
ԱՌԻ «ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ
ԻՆՎԵՍԹՄԸՆՑ»