ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 4 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայաստանի Համազգայինի թատրոնը ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մէկ գաւաթ բարութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ՝ Սօս Սարգսեանի:
Հայաստանի Համազգայինի թատրոնի դերասանները հայ հանդիսատեսին փոխանցեցին շատ պարզ պատգամ մը՝ կեանքը գեղեցիկ է, պէտք է ապրիլ յոյսով եւ մնալ հաւատարիմ մարդկային արժանիքներուն: Հաւատալ մարդու հոգեկան բարութեան եւ ապրիլ պարզ ու գոհունակութեամբ:
Դերասաններուն բացառիկ խաղարկութեամբ ներկաները վայելեցին թատրոնի իսկական հաճոյքը՝ վերակենդանացնելով իրենց մէջ անոր ուժն ու իմաստը: «Գաւաթ մը բարութիւն» թատերախաղը ներկաները փոխադրեց աւելի յստակ, պարզ եւ գեղեցիկ աշխարհ, ուր մարդկային արժէքները չեն մոռցուած, չեն կոխկռտուած կամ փոխարինուած գնայուն արժէքներով:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Հայաստանի Համազգայինի թատրոնին միջեւ գործակցութիւնը սկսաւ քանի մը տարիներ առաջ, արդէն 4րդ անգամն է, որ թատրոնի լիբանանահայ հանդիսատեսին կը ներկայանայ տարբեր թատերախաղերով: Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ դերակատարութիւն ունենալէ աւելի այս գործակցութիւնը նաեւ կարեւոր է թատերական արուեստի քաջալերման առումով:
Մնալով հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ Համազգայինը ճիգ չի խնայեր հայ հանդիսատեսին ներկայացնելու ամէնէն գեղեցիկն ու ամէնէն հարազատը, եւ այս թատերախաղերուն ներկայացումը կու գայ վկայելու այդ կեցուածքին մասին:
«Գաւաթ մը բարութիւն» թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են Մխիթար Աւետիսեան, Տաթեւ Ղազարեան, Նարեկ Պաղտասարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Արման Նաւասարդեան, Կարինէ Գրիգորեան, Սերկէյ Թովմասեան: Երաժշտական ընտրութիւնը կը պատկանի Մարտին Վարդազարեանի, իսկ հագուստներու ձեւաւորումը՝ Կրեթա Նալջաճեանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.