ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».– 9 Ապրիլին Երեւանի մէջ իր աշխատանքներուն սկսած է ԱՊՀ մասնակից երկիրներու երկաթուղային վարչութիւններու փոխադրութիւններու տնտեսութիւններու ղեկավարներու ցանցային խորհրդակցութիւնը: Երկօրեայ հաւաքին ընթացքին Հայաստանի, Պելոռուսի, Վրաստանի, Ղազախստանի, Ռուսիոյ եւ կարգ մը այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ պիտի քննարկեն միջազգային երկաթուղային փոխադրումներու կազմակերպման խնդիրներն ու համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները:
Երկաթուղային փոխադրութեան տնօրէնութեան նախագահ Փեոթր Քուչերենքոն յայտնած է, որ օրակարգի վրայ ընդգրկուած են բարդ ու կարեւոր հարցեր՝ ուղեւորութեան ցանկերու մշակումէն մինչեւ միջազգային բեռնափոխադրումներու ընթացքին սակագնային քաղաքականութիւն:
Արդէն 4րդ անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ գտնուող Քուչերենքոն նկատել տուած է, որ վերջին 3.5 տարիներուն հայկական երկաթուղիի համակարգին մէջ շատ բան փոխուած է արդէն: «Կար ժամանակ, երբ երկրի ղեկավարութիւնն ու բնակչութիւնը մոռցած էին երկաթուղիի գոյութեան մասին: Կարելի է ըսել, որ Հայաստանի մէջ այս առումով վերածնունդը սկսաւ Հայաստանի երկաթուղին ժամանակաւոր կառավարման սկզբունքով ռուսական «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»ին յանձնելէ ետք», յայտնած է ան։ Հարաւկովկասեան երկաթուղի ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վիքթոր Ռեպեցը տեղեկացուցած է, որ 12.5 միլիառ դրամի ներդրում կատարած են՝ Հայաստանի մէջ երկաթուղիի անվտանգութեան համակարգը արդիականացնելու համար: Անոր համաձայն, յառաջիկային եւս աշխատանքները պիտի շարունակուին՝ ենթակառուցուածքներու զարգացման նպատակով, որպէսզի 100 տոկոսով երաշխաւորուի շոգեկառքերու անվտանգութիւնը, անոնց արագութիւնը աւելնայ, աւելի մեծ կարելիութիւններ ստեղծուին, եւ այս համակարգը ընդհանրապէս աւելի արդիական ու զարգացած ըլլայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.