
ԵՐԵՒԱՆ.– Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ գիտնականի համար տրամադրուած գումարը տարեկան 200 հազար է, Ռուսիոյ մէջ՝ 30 հազար, իսկ Հայաստանի մէջ ընդամէնը 3 հազար տոլար: Նման վիճակագրութիւն ներկայացուած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեկան ժողովին ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան հանդէս եկած է ծաւալուն զեկուցումով, սակայն գիտութեան կաճառի տարեկան ժողովը առիթ էր՝ նախագահ Սարգսեանին ներկայացնելու տարուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ առկայ մտահոգութիւնները, որոնց կարգին հիմնական տեղ կը գրաւէ նիւթական վարձատրութեան խնդիրը։
«2012 թուականին ԳԱԱի բոլոր գիտական կառոյցներում շարունակուել են հիմնարար եւ կիրառական բնոյթի գիտական մշակումներն ինչպէս բազային ֆինանսաւորմամբ, այնպէս էլ արտաբիւջետային միջոցների հաշուին: Պահպանուել է հիմնարար հետազօտութիւնների գիտական բարձր մակարդակը, իսկ արտասահմանեան հեղինակաւոր գիտական ամսագրերում հրատարակուած աշխատանքները մի քանի գիտական ուղղութիւններով ապահովել են ցիտման բարձր աստիճան՝ արտասահմանեան գիտական հանրութեան կողմից», յայտնած է Մարտիրոսեան:
Գիտութեան բնագաւառին մէջ, ըստ ակադեմիայի նախագահին, կան մտահոգիչ խնդիրներ: Միջին տարիքի գիտնականներու պակասը պէտք է առնչել Հայաստանի անկախացումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին: Շատերը չշարունակեցին ուսումը, իսկ շատերն ալ արտագաղթեցին: Ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ տիրող հանդարտ մթնոլորտը խզուած է, երբ Ռադիկ Մարտիրոսեան անդրադարձած է ընկերային հարցերուն: Միջին աշխատավարձը մէկ մարդու հաշուոյն կազմած է 76 հազար դրամ: Ռադիկ Մարտիրոսեանի կարծիքով, համակարգը պահելու համար նաեւ արտապիւտճէական 600 միլիոն դրամ հասոյթ ունեցած են: Սակայն միջոցները գիտական լուրջ քաղաքականութիւն վարելու համար բաւարար չեն:
Ակադեմիայի թղթակից անդամ, ընկերաբան Գէորգ Պօղոսեանի կարծիքով, նման քաղաքականութեան պարագային Հայաստանը այլ երկիրներու համար պիտի վերածուէր «հումքային կցորդի»:
«Կան գործիքներ, որ պէտք է կիրառենք, գոնէ գրանտներով գումարները չհարկուեն», նշած է ան։
«Ես ընդամէնը 80,000 դրամ աշխատավարձ եմ ստանում, ինչը բաւարար չէ տարրական կարիքները հոգալու համար, մինչդեռ շատ հիմնարկներում հաւաքարարներն աւելին են վաստակում: Չի՞ կարելի այսպէս, պարոն նախագահ, մտածէ՛ք գիտնականների մասին», դիտել տուած է Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Էմմա Կոստանդեանը:
Իսկ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի համաձայն, իրեն համար անհասկնալի էր հայագիտութեան հայեցակարգի մշակման ընթացքին ֆինանսաւորման կէտի անտեսումը: «Պնդումը կառավարութեանն էր, մինչդեռ գիտութեան ոլորտում որեւէ առաջընթաց՝ առանց լուրջ ֆինանսաւորման, հնարաւոր չէ: Էական բան չի փոխուի, եթէ անգամ կրկնապատկուի աշխատավարձը», յայտնած է ան։
«Չնայած չնչին ֆինանսաւորմանը, էլի կ՛աշխատենք», հաստատած է Աշոտ Մելքոնեանը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ուշադրութեամբ լսած է բոլոր ըսուածները, սակայն չէ արձագանգած: Իսկ գիտնականները հեռացած են այն յոյսով, որ 2012 թուականին բաղդատելով 2013ին բան մը կը փոխուի: Թէեւ պետական պիւտճէն վաղուց հաստատուած է: Գիտութեան զարգացման հեռանկար 2013ի պիւտճէով չկայ: Իսկ ընդդիմութեան քննադատութիւնը՝ խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցած թղթածրարին առնչութեամբ, ոչ մէկ արդիւնք տուաւ։