
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին՝ 2011ի Ապրիլ 24ին սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան երկրորդ տարելիցին առիթով, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի «Գրիգորեան» գերեզմանատան մէջ թաղուած Սեւակի շիրիմը այցելած են անոր ծնողներն ու բարեկամները, Խտրականութեան դէմ շարժումներու Աղրըի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ, Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի ղեկավար Ումիթ Էֆեն, «Ոչ ըսենք ցեղամոլութեան եւ խտրականութեան» նախաձեռնութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սաֆարեան:
«Մենք պէտք է այնպիսի քայլերու դիմենք, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած հայերը ըլլան վերջին հայ զոհերը: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ նոր զոհեր արձանագրուին», ըսած է Խտրականութեան դէմ շարժումներու Աղրըի մասնաճիւղի ղեկավար Պենիամին Ապթան:
Սեւակի հայրը իր դժգոհութիւնը յայնտած է իր զաւակը սպաննած ոճրագործին դատական գործին կապակցութեամբ: «Ոորդիս նախ մարդ էր, յետոյ՝ հայ: Անհրաժեշտ է մտածել այս հարցերուն շուրջ», ցաւով նշած է Սեւակի մայրը:
Յիշեցնենք, թէ մարդասպանը դատարապարտուած է միայն 4.5 տարուան բանտարկութեան, որմէ հանուած է մինչ վճիռը՝ զայն կալանքի տակ պահելու ժամանակը՝ մօտաւորապէս 1.5 տարին: Այսպիսով՝ մարդասպանը միայն երեք տարի բանտարկուած պիտի մնայ, որովհետեւ սպանութիւնը արկածի հետեւանք նկատուած է: Դատավարութիւնը քննադատութեան արժանացած է ոչ միայն Սեւակի ծնողքին, այլեւ թուրք եւ օտար իրաւապաշտպաններու կողմէ: