
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժողովրդական նշանաւոր արուեստագէտ Արամ Խաչատրեանի 100ամեակին առիթով Արաբկիր վարչական շրջանի Խաչատրեան-Փափազեան փողոցներու հատման յարակից հատուածին մէջ տեղի ունեցած է հայ մեծանուն երաժշտահանի կիսանդրիին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Քանդակագործ Գէորգ Գէորգեանի հեղինակած յուշարձանը տեղադրուած է բարեկարգուած, կանաչապատ տարածքին մէջ, ուր կան նաեւ նստարաններ՝ այցելուներուն համար: Հայաստանի կոմպոզիտորներու միութեան նախագահ Ռոբերտ Ամիրխանեան շեշտը դրած է յուշարձանի տեղադրման կարեւորութեան վրայ՝ սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան իմաստով, ինչպէս նաեւ մշակութային մեծ ժառանգութեան տէր արուեստագէտները մեծարելու եւ արժեւորելու նպատակով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին՝ մայրաքաղաքին մէջ Արամ Խաչատրեանի յուշարձան մը եւս տեղադրելու նախաձեռնութեան համար։