ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ոչ մէկի առաջ բարոյական պատասխանատուութիւն ես չունեմ, միայն ժողովրդի՝ ձեր առաջ», յայտարարած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը կուսակցութեան հանրահաւաքին ընթացքին։
Ան նշած է, որ ԲՀԿի քաղաքապետը կաշառք պիտի չառնէ, քաղաքացիի դիմումի պատասխանը տալու է նոյն օրը, իսկ եթէ քաղաքապետը «գոռոզանայ, ապա նոյն օրը հէնց կը հեռացուի»:
«Անլուծելի խնդիրներ չկան, պէտք է ուղղակի նշել խնդիրները ու գնալ դրանց լուծմանը», յայտնած է ան։ Գագիկ Ծառուկեանի համաձայն, կուսակցութիւնը պատրաստակամ է կանգնելու երեւանցիին կողքին, բայց ատոր համար անհրաժեշտ է երեւանցիին վստահութեան քուէն եւ կարեւորագոյնը այն, որ հայաստանցին չլքէ երկիրը:
ԲՀԿի առաջնորդը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքական խումբին՝ քարոզարշաւը լաւապէս կազմակերպելուն եւ հայաստանցին իրենց ընկերային-տնտեսական ծրագիրներուն մասին տեղեկացնելուն համար. «Ես ուզում եմ, որ դուք գնաք ընտրութեան, մտածէք ձեր ապագայի, ձեր բալիկի, ձեր թաղի ու Երեւանի համար: Գնացէք ընտրութեան ու ձայնը տուէք նրան, ում հաւատում էք, ում հետ յոյս էք կապում: Գնացէք ընտրութեան ձեր համար, ոչ թէ ուրիշի», յայտարարած է ան՝ աւելցնելով, որ գործադիր մարմինին ներկայացուած ոեւէ ԲՀԿի հետեւորդ, եթէ չաշխատի, անմիջապէս պիտի հեռացուի պաշտօնէն:
Աւարտին Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաքի մասնակիցները ԲՀԿի առաջնորդին եւ կուսակցականներուն հետ երթով ուղղուեցաւ դէպի Երեւանի սիրտը՝ Հանրապետութեան հրապարակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.