
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգի խորհրդարանի անդամ Ուոլթ Սիքորտ, որ նաեւ Հայաստանի բարեկամներու խմբակի համանախագահն է, վերջերս այցելած է Արեւմտեան Հայաստան:
Սիքորտ առաջին աւստրալիացի քաղաքական գործիչն էր, որ այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղ, 2011ին, իսկ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին ան նաեւ այցելեց Պատմական Հայաստանի այն քաղաքներն ու գիւղերը, ուր հայ չէ մնացած, Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով:
Խորհրդարանականը այցելած է Կարս, Վան, Անի, Իկտիր եւ Աղթամար: «Արեւմտեան Հայաստան այցելութիւնս կեանքիս ամենահետաքրքրական ուղեւորութիւնն էր», ըսած է ան Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ:
Եօթնօրեայ այցելութիւնը, որ կազմակերպուած ու հովանաւորուած էր Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, առիթ ընծայած է Սիքորտին, որ շարունակէ Հայկական Ցեղասպանութեան հետազօտութիւնը: Ան միաժամանակ մօտէն նշմարած է ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ իսլամութեան եւ Արեւմուտքի միջեւ գործակցութիւնը:
Խորհրդարանին մէջ իր ելոյթին ընթացքին, Սիքորտ ըսած է. «Անշուշտ, պաշտօնական ժխտումը Ցեղասպանութեան ուրացման կարեւոր բաղադրիչ է: Այդ պատճառով երբե՛ք ներողութիւն պիտի չխնդրեմ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հայ համայնքին սատարելու կեցուածքներուս համար: Ինչպէս արդէն ըսած եմ Երեւանի, Նոր Հարաւային Կալեսի խորհրդարանին ու բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ, զազրելի է այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը»:
Սիքորտ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեանին, որ միշտ աջակցած է Աւստրալիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ջանքերուն:
«Այդ ուղեւորութիւնը առիթ ընծայեց, որ խորհրդարանականը իր աչքերով տեսնէ քանդումը ու աղէտի հետքերը: Պարոն Սիքորտ աւստրալիահայերու բարեկամն է ու մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող իսկական մարտիկ», ըսած է Ղահրամանեան: