
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը Հինգշաբթի, Մայիս 16ին կը հաղորդէ լուր մը, որ կրնայ յեղաշրջական բնոյթ ունենալ եւ կու գայ կրթական նախարարութենէն։
Արդարեւ, կրթութեան նախարար Նապի Ավճը, ելոյթ ունենալով «Մարմարա» համալսարանին մէջ կազմակերպուած թրքերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցման համաժողովին ընթացքին՝ յայտարարած է, թէ նախարարութիւնը կը պատրաստուի իրականացնելու «կարեւոր նոր ծրագիր մը»։ Ըստ նախարարին՝ յեղաշրջական այս ձեռնարկը հաւանաբար մեծ հակազդեցութեան պիտի արժանանայ զանազան շրջանակներու կողմէ, բայց անոր իրագործումը անհրաժեշտ է։ Հարցը կը վերաբերի պատմութեան դասագիրքերուն։ Նախարար Ավճը յայտարարած է, թէ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ առկայ կարգ մը սխալները սրբագրելու համար, դասագիրքերը դարձեա՛լ պիտի գրուին։
Ըստ նախարարին՝ պատմութեան դասագիրքերէն կ՛ակնկալուի համախմբել ժողովուրդը, սակայն հակառակն է, որ կը պատահի անոնց միջոցաւ: Անջատողական այդ նիւթերը դասագիրքերէն մաքրելու համար, նոր գիրքեր պիտի պատրաստուին, եւ յատուկ յանձնախումբ մը արդէն իսկ աշխատանքի ձեռնարկած է այդ ուղղութեամբ։
Նախարարը մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած սրբագրութիւններուն մասին ու ըսած է, թէ կէտ առ կէտ չի կրնար նշել զանոնք, սակայն կրթական յանձնախումբը պատմութեան բոլոր գիրքերը մէկ առ մէկ ձեռքէ պիտի անցընէ. սրբագրութիւններէն ետք, պատմութեան դասագիրքերը փոխուած բովանդակութեամբ պիտի դրուին աշակերտներու եւ ուսանողներու տրամադրութեան տակ։