
ԱՆԳԱՐԱ, «Թրենտ».- Չորեքշաբթի, Մայիս 15ին, Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին ստորագրուած է անդամ երկիրներու սփիւռքներուն միացեալ գործունէութեան ռազմավարութեան շուրջ համաձայնագիր մը՝ սփիւռ-քներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի լաւ ձեւով համակարգելու նպատակով:
Ժողովին ներկայ եղած են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի ներկայացուցիչներ: Աշխատանք կը տարուի այս համաձայնագիրին մէջ ներգրաւելու նաեւ Իւզպեքիստանի եւ Թիւրքմէնիստանի սփիւռքները: