ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով հիւրերը՝ կաթողիկոսը օրհնած է զանոնք եւ անդրադարձած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդգծած է, որ հիմնադրամի ծառայութիւնը՝ հայրենիքի կեանքի յառաջընթացին ու բարօրութեան ի նպաստ ծաւալած, մեծ յանձնառութիւն ու հետեւողական աշխատանք կը պահանջէ։
Զրոյցին ընթացքին կաթողիկոսը կարեւոր նկատած է եկեղեցւոյ առաւել մեծ ներգրաւուածութիւնը հիմնադրամի աշխատանքներուն մէջ, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ ազգային ինքնագիտակցութեան կերտման ու ազգային ոգիի սերմանման: Աւարտին ան արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթած է հիմնադրամին։
Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պատասխանած է նաեւ ներկաները յուզող հարցումներուն, որոնք կ՛առնչուէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայի վիճակին ու գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն, Սուրիոյ հայ համայնքին եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքներուն Մայր Աթոռին կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան, ինչպէս նաեւ ներեկեղեցական եւ միջեկեղեցական տարբեր խնդիրներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.