
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Մայիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանի հետ: Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Կամօ Աղաջանեանը, քննարկուած են իրաւապահ մարմիններու աշխատանքին եւ այդ ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ոստիկանութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման վերաբերող տարբեր հարցեր: