
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 19 Մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է «Ադրբեջան. ժողովուրդների գերեզմաննոց» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը. անիկա կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ կարգ մը բնիկ ժողովուրդներու պատմական հողերու բռնազաւթման եւ անկէ բխող հետեւանքներուն:
«Արցախում Սուվորովի եւ Մադաթովի անուան ռազմական ուսումնարան» ծրագիրի իրականացման կոմիտէի մամլոյ կեդրոնէն յայտնած են, որ ճակատագիրներու նմանութիւնը կարելիութիւն կու տայ հայերուն՝ լաւագոյնս գիտակցելու պատմական իրադարձութիւններու ընթացքին եւ այդ ժողովուրդներուն՝ սեփական պետականութիւն ունենալու ձգտումին:
Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած են արխիւային բացառիկ եւ իւրայատուկ պատկերներ։