
Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղին աջակցութեամբ, «Սարդարապատ» գրախանութը կը հարստացնէ «Ռիթա Տէմիրճեանի անուան գրադարանը մանկապատանեկան պատկերազարդ գիրքերով։ Սոյն գրադարանը կը գտնուի Գրիգոր եւ Մարիամ Քարամանուկեան կեդրոնի երկրորդ յարկը։
Մասնաճիւղը կոչ կ՛ուղղէ գաղութին, թէ սիրայօժար կ՛ընդունի հայերէն լեզուով մանկապատանեկան գիրքեր, նոյն նպատակին համար։ «Այս գրադարանը կը գտնուի ՀՕՄի Շաբաթօրեայ դասարաններու յարկը։ Հարկաւոր նկատեցինք, որ հայերէն պատկերազարդ գիրքեր օգտագործելի ըլլան Շաբաթօրեայի աշակերտութեան համար», կը յայտնէ մասնաճիւղի փոխատենապետ Վաղենակ Պապայեան։