
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Պատկերասփիւռի «Ուրեմն կը կարծես, որ դուն կրնաս պարել» (So You Think You Can Dance) յայտագիրի ընթացիկ եղանակի ծրագիրէն հանդէս գալու միտումով, մրցողներու լաւագոյն քսանեակին մէջ կրցած է տեղ գրաւել Կլենտէյլի բնակիչ, 21ամեայ Փօլ Կարմիրեանը:
«Ամերիկայի սիրուած պարողներ» տիտղոսին տիրանալու նպատակով Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքէն հազարաւոր մրցողներէ ընտրուած լաւագոյն քսան պարողներու շարքին է Փօլը, որ մնացեալ ընտրեալներուն հետ պիտի մեկնի Լաս Վեկաս, ուր պարուսոյցներու հետ աշխատելով՝ պիտի պատրաստուի նշեալ մրցումին:
«Ես ցնցուած եմ. դժուար է հաւատալ, բայց շատ ուրախ եմ, որ այստեղ եմ», յայտնած է Փօլ Կարմիրեան «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ի լրագրող Լորա Թէյթին:
Կարմիրեան երկու տարի առաջ յաղթական դուրս եկած էր նոյն պարային ծրագիրի հայաստանեան տարբերակէն: Փօլ, իր ընտանիքին հետ Երեւան գտնուած ժամանակ, մասնակցած էր հայկական նոյնատիպ պարային ծրագիրին: Մինչ այդ, ան միայն լատինամերիկեան ոճով պարեր կատարած էր: Փօլի պարուսոյցն է Գրիգորի Սեդրակեան: