ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շատոնց մատնանշուած է եւ ճշմարտութենէ այնքան ալ հեռու չէ, որ հայը նկարագրով ինքնակեդրոն է ու կեդրոնախոյս։
Պատմական ամբողջ ժառանգութիւն մը ունինք՝ համոզուելու եւ զիրար համոզելու համար, որ հայրենի մեր հողին բնական ու կլիմայական սուր տարբերութեանց եւ առանձնայատկութեանց հետեւանքով, մեր ժողովուրդի բազմադարեան կենսափորձին մէջ շեշտուած են կեդրոնախոյս հակումները։
Մէկէ աւելի թագաւորութեանց, կաթողիկոսութեանց, յարանուանութեանց եւ լեզուամտածողութեանց ծնունդ տալու հայկական կենսափորձը խօսուն վկայութիւնն է հայուն բնորոշ այս վարքագծին։
Անշուշտ արտաքին ազդակներ եւս վճռորոշ դեր ունեցան հայկական այս մտածելակերպին ու հոգեկերտուածքին խորացման մէջ։ Հակամարտ կայսրութեանց միջեւ բաժան-բաժան եղած եւ անոնց քաղաքակրթական ու մշակութային տիրապետութեանց համակերպած՝ մեր ժողովուրդը ինքնապահպանման եւ ինքնադրսեւորման ապակեդրոն զարգացում մը ապրեցաւ հազարամեակներու ընթացքին։
Արդի ժամանակներ մուտք գործեցինք ահա այդ ժառանգութեամբ եւ զարմանալի չէ, որ օտար բռնատէրներու կամայականութեամբ բաժան-բաժան եղած Հայաստանէն ու հայութենէն մէկ ու անհատանելի ազգ, հայրենիք եւ պետականութիւն կերտելու հայ յեղափոխական զարթօնքը, իր կարգին, հեռու մնաց քաղաքական կեդրոնաձիգ ուժի վերածուելու գաղափարական մշակոյթէն։
Այն աստիճան, որ ազգային յանկերգի վերածուեցաւ այն ընդհանրացումը, թէ երբ երկու հայեր իրարու քով գան՝ անպայման երկու կուսակցութիւն կը հիմնեն։
Անշուշտ թիւրիմացութիւն է եզրակացնել, որ հայուն անյարիր են ազգային միասնական մտածողութիւնն ու միաձոյլ կազմակերպուածութիւնը։ Ոչ ալ անիշխանական է հայը՝ հեղինակութիւններ մերժելու եւ յանձնապաստան ապրելու իմաստով։
Ընդհակառակն՝ նոյն այդ կեդրոնախոյս մեր ժողովուրդը, երբ իր տենչերուն եւ պահանջներուն, իրաւունքներուն ու շահերուն անձնուրացաբար նուիրեալներ տեսած է եւ հոգեհարազատ գտած է անոնց մարմնաւորած ազգային-քաղաքական վարքագիծը՝ յաճախ տուած է ապացոյցը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնելու եւ, երկաթեայ կարգապահութեամբ, ընդհանուր գործին հաւատարմագրուելու իր ազգային խանդավառութեան, միասնական զօրաշարժին։
Պատմական ընդհանրացումներու այբուբենը վերաթարմացնելու չեն ծառայեր այս ընդգծումները։ Կը թելադրուին ազգովին մեր ապրած ղեկավարութեան տագնապը հասկնալու եւ յաղթահարելու այժմէական մտահոգութենէն։
Ղեկավարութեան տագնապ կ՛ապրինք, առաջին հերթին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որ արդէն 1990ականներու մանուկ ժողովրդավարութիւնը կամ նորաստեղծ ազգային պետականութիւնը չէ այլեւս։ Արդէն քսանամեայ երիտասարդ է, որ սակայն դեռ ի վիճակի չէ պետական իր վերականգնումին երթը վստահելու ղեկավարութեան մը, որ քաղաքական իշխանութեան լծակներուն տիրապետելէ անդին՝ բարոյական հեղինակութեամբ ոչ միայն կառավարէ հայրենիքը, այլեւ անոր շուրջ համախմբէ աշխարահասփիւռ հայութիւնը։
Ղեկավարութեան տագնապ կ՛ապրինք նաեւ Սփիւռքի տարածքին, ուր յետ-եղեռնեան «աւանդական» գաղթօճախներն ու անոնց միացած նորաստեղծ հայկական համայնքները, ինչպէս եւ նախկին խորհրդային թէ յետ-խորհրդային «ներքին» սփիւռքի հայկական կեդրոնացումները հայապահպանման եւ ազգային-քաղաքական ինքնահաստատման մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն նորովի՛։
Անշուշտ նոյն դրսեւորումները չունի Սփիւռքի տարածքին, ըստ աշխարհաքաղաքական գօտիներու եւ համայնքներու կազմախօսութեան, աշխարհացրիւ հայութեան ապրած ղեկավարութեան տագնապը։
– «Աւանդական» սփիւռքը կը դիմագրաւէ նախորդ սերունդներու տասնամեակներու աշխատանքով եւ նուիրումով նուաճուած ազգային ղեկավարութեան անցեալի վարկն ու վստահութեան դրամագլուխը վերանորոգելու մարտահրաւէրը։ Իսկ «աւանդական»ին հետ կողք-կողքի կամ ընդելուզուած ապրող «նոր սփիւռք»ը պէտք է սերնդափոխութիւն ապրի, որպէսզի նախ կարենայ թօթափել քաղաքական իշխանութեամբ յատկորոշուող ղեկավարութեան խորհրդային բնորդի ներքին կաշկանդումները, ապա՝ հաւատք ու վստահութիւն սնուցանէ ազգային ինքնակազմակերպման հրաշագործ զօրութեան հանդէպ։
– «Ներքին» սփիւռքը խորհրդային ժամանակաշրջանին անտեսած էր ազգային ինքնակազմակերպման հրամայականը, իսկ այսօր՝ հայրենիքէն թափ առած արտագաղթի քսանամեայ ալիքէն ետք՝ կորսուած ժամանակը եւ պատեհութիւնները արագ քայլերով վերականգնելու «սիզիֆեան մագլցում»ի դժուարին ժամանակը կ՛ապրի։ Անշուշտ մեծահարուստ հայերը անպակաս են սփիւռքեան այս գօտիին մէջ, բայց մէկ օրէն միւսը անոր աւելի քան երկու միլիոն հայերուն վստահութիւնը շարժելու համար, անհրաժեշտ է բարոյական հեղինակութիւն հաստատող ղեկավարութեան մը առաջացումը, որ իսկապէս վիթխարի գործ ու զոհաբերութեան ոգի կը պահանջէ։
Խորքին մէջ ամէնուրեք, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, ղեկավարութեան տագնապը ընդդհանրական նոյն ցաւէն կը տառապի, որ բարոյական հեղինակութիւն հաստատելու դժուարութիւնն է մեր ժողովուրդի պետական թէ ազգային կեանքը ղեկավարելու կոչուած նորօրեայ ղեկավարութեանց մօտ։
Փաստօրէն գլխիվայր շրջուած է հայուն հոգեհարազատ ղեկավարութեան կազմաւորման հոլովոյթը։ Փոխանակ բարոյական հեղինակութիւն ներշնչող անձնական նուիրաբերման ճամբով իշխանութեան ղեկին հասնելու, նոյնինքն իշխանաւորի դիրքերէն բարոյական հեղինակութիւն պարտադրելու փորձութեան անձնատուր եղած են Ազգի ու Հայրենիքի 21րդ դարու ղեկավարները։
Բացառութիւնները չեն պակսիր, անկասկա՛ծ։
Բայց խօսքը կը վերաբերի ընդհանուր հոսանքին, որ պետական մտածողութեան շիլ ընկալումով՝ քաղաքական իշխանութեան եւ բացարձակ իշխանութեան կեդրոնացումը հռչակած է ինքնանպատակ եւ գերագոյն արժէք հայոց պետականութեան հզօրացման համար։
Մինչդեռ հայը, որ այնքան դժուարութեամբ կ՛ընդունի ղեկավար ունենալը, իր անձնական եւ հաւաքական վաղուան օրը նուաճելու ղեկավարութիւնը պատրաստ է վստահելու միայն անոր, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր կ՛ամբողջացնէ բարոյական հեղինակութիւն ներշնչելու նախապայմանը։
Իսկ բարոյական հեղինակութեան հայեցի ընկալումը ծայր աստիճան խստապահանջ է եւ միայն անձնական անդուլ ու անսակարկ անձնազոհութեամբ ղեկավարութիւն մը կրնայ նուաճել հայուն վստահութիւնը։