
Հաւատալով «Դէպի երկիր» կարգախօսին եւ յատկապէս Արցախի Քաշաթաղ շրջանին նեցուկ կանգնելու համար՝ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը 9րդ տարին ըլլալով կառչած կը մնայ «Դէպի երկիր» յանձնախումբին միջոցով գործուղումներ կազմակերպելու յանձնառութեան:
Գործուղումներու այլազանութեան մէջ, այս տարի «Քաշաթաղը իմ տունն է-2013» գործուղումը արդէն ընթացքի մէջ է: Ինչպէս նշած էինք նախապէս, «Զաւարեան» ուսանողական միութեան ընկերները խմբային դրութեամբ բաժնուած են հիւսիսային եւ հարաւային Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ՝ գործադրելու համար դաստիարակչական ծրագիրի մը ներկայացումը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ ընկերային եւ մանկապատանեկան, ինչպէս նաեւ բարեսիրական բնոյթ ունեցող այլ երես մը:
7 գործուղուած ընկերներէն 4ը կը գտնուին Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Այգեհովիտ, Սարատակ եւ Տիգրանաւան գիւղերուն մէջ, ուր տեղւոյն պատանիներուն կը ներկայացնեն հայոց պատմութեան, գրականութեան, հայոց մշակոյթի պատմութեան, անգլերէնի եւ առողջապահական դաստիարակութեան պահեր, ինչպէս նաեւ, տարիքային բաժանումի հիմամբ, ձեռային աշխատանքի, երգի, պարի, ատենամարզանքի եւ խանդավառութիւն ստեղծող այլ միջոցառումներ: Նշենք, թէ ԶՈՄի ընկերներուն կողմէ ներկայացուած ծրագիրը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է վերոնշեալ 3 գիւղերու եւ մօտակայ շրջաններու պատանիներու, ծնողներու եւ պատասխանատու մարմիններու շրջանակին մէջ: Քաշաթաղի նշեալ շրջաններուն մէջ ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն թիւը կը հասնի 80ի:
Ինչ կը վերաբերի Քաշաթաղի հիւսիսային շրջանի Մոշաթաղ գիւղին, հոն եւս 3 ԶՈՄական ընկերներ կը գործադրեն դաստիարակչական նոյնանման ծրագիր մը. ծրագիրին կը մասնակցին նաեւ մօտակայ գիւղերէն պատանիներ, այսպիսով զանազան շրջանները գումարած կը կազմեն մօտաւորապէս 60 պատանիներ:
Ծրագիրին զուգահեռ, ընթացք պիտի առնէ շինարարական աշխատանք մը: ԶՈՄի ընկերներուն հսկողութեամբ եւ ուղղակի մասնակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն Մոշաթաղ գիւղի 50 տուները, որոնց մեծ մասը մինչեւ այսօր կը տառապի ըմպելի ջուր չունենալու հարցէն, պիտի ունենան ըմպելի ջուրի խողովակներ՝ հասած մինչեւ տուները:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար հետեւեցէք «Ազդակ»ի եւ «Վանայ ձայն»ի լուրերուն եւ յայտագիրներուն, ինչպէս նաեւ «Ֆէյսպուք»ի վրայ ԶՈՄի պաշտօնական էջերուն եւ ԶՈՄի կայքին՝ հետեւեալ հասցէով www.zavarian.com: