Երկուշաբթի, 5 Օգոստոսի երեկոյեան տարածուեցաւ թեսաղոնիկահայ վաստակաշատ ազգային ծառայող Կարապետ Գալֆայեանի մահուան գոյժը:
«Կարապետ Գալֆայեանի անունը անմիջականօրէն շաղախուած է Թեսաղոնիկէի մէջ հայ ազգային կեանքի եւ գաղութի գործունէութեան հետ: Ան իր երիտասարդութեան օրերէն մինչեւ յառաջացած տարիքը՝ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց ազգային-կուսակցական մարզերէն ներս, ծառայելով իր ազգին եւ հայրենիքին», կը գրէ «Ազատ Օր» օրաթերթը՝ աւելցնելով. ««Ազատ Օր»ի էջերէն «50 տարի առաջ» սիւնակին մէջ յաճախ կը կարդանք իր մասին, երբ երիտասարդական խումբի որպէս նախագահ ու կուսակցական գործիչ՝ Կիպրոս, Լիբանան, Ֆրանսա կամ Յունաստանի տարբեր շրջաններ կ՛այցելէր, դասախօսութիւններ տալով հայ ազգի պատմութեան, հայ մշակոյթի կամ Հայ Դատի պահանջատիրութեան նիւթերու շուրջ»:
Գալֆայեան անշահախնդիր իր ծառայութիւնը մատուցած էր՝ աջակցելով յունահայ գաղութի բոլոր միութիւններուն: Իր գործօն մասնակցութիւնը եւ յամառ աշխատանքը բերած էր Խալքիտիքիի ամարանոցի բանակավայրի ապահովման գործին մէջ:
«Ան միշտ կը փորձէր երիտասարդներուն մօտ գտնուիլ, իր քաջալերական խօսքերով ու հետաքրքրական զրոյցներով, խօսելով մասնաւորաբար մեր մշակոյթի եւ անկախութեան համար մղուած պայքարներուն ու հայու անընկճելի ոգիին մասին:
Կարապետ Գալֆայեան շնորհալի բանախօս էր իր երիտասարդ տարիքէն: Հռետորական յատկանիշներով օժտուած երիտասարդ մտաւորականը դիւրաւ կը հաղորդակցէր ժողովուրդին հետ, բեմերէն թէ մօտէն զրուցելով ազգային հարցերու շուրջ: Իր խոր տառապանքը հայկական Սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն էին, հայախօսութեան նահանջը, քիչ մը ամէն տեղ նշմարելի դժուարութիւնները, որոնց դիմադրելու պարտաւորութիւնը կը զգար ինքն իր վրայ, նոյնիսկ յառաջացած տարիքին, հակառակ իր տկար առողջական վիճակին», կը յայտնէ «Ազատ Օր»:
Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի տխուր օրերուն, ան գործօն իր դերակատարութիւնը ունեցաւ նուիրահաւաքի աշխատանքին, մասնակցելով օգնութիւն հաւաքելու արշաւին:
Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն նուիրուեցաւ ազատ հայրենիքի գաղափարին:
Հայկական մշակոյթի մարզէն ներս իր մատուցած ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուեցաւ շքանշանով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.