
ՄՈՆՐՈՎԻԱ.- «Մաունթ Սիէրա» համալսարանին ու Արքատիա քաղաքը գտնուող «Սանթա Անիթա Փարք» ձիարշաւարանին միջեւ գոյացած համագործակցութեան նոր համաձայնութեան մը շնորհիւ՝ համալսարանէն 16 ուսանողներ Սեպտեմբերի կէսէն սկսեալ ու մինչեւ Նոյեմբեր, վարժողական վճարովի ծրագիրի մը պիտի մասնակցին՝ ձիրարշաւարանի ծանուցումներու, հիւրընկալման ու ձեռնարկներու կազմակերպման բաժանմունքներուն մէջ:
Սոյն վարժողական ծրագիրին մասնակցող ուսանողները առիթ պիտի ունենան ուղղակիօրէն աշխատելու «Սանթա Անիթա Փարք»ի հաղորդակցութեան բաժինի վարիչին հետ՝ իրենց վկայականներուն տիրանալէ առաջ իսկ աշխատանքի իւրայատուկ եւ արժէքաւոր փորձառութիւն ապահովելով:
Նաեւ, վարժողական ծրագիրի աւարտին, «Սանթա Անիթա Փարք»ը որոշած է կրթանպաստ տրամադրել ծրագիրին մասնակից լաւագոյն ուսանողին:
«Մաունթ Սիէրա» համալսարանի Ասպարէզի սպասարկութեան բաժանմունքէն Վընեսա Լոփեզ կը յայտնէ, թէ «Սանթա Անիթա Փարք»ի նման յայտնի ընկերութեան մը հետ գործակցութիւնը պատիւ մըն է, եւ ուրախութիւն կը յայտնէ, թէ ընկերութիւնը որոշած է համալսարանի տաղանդաւոր ուսանողներու այս խումբին առիթ տալ՝ մասնակցելով սոյն վարժողական ծրագիրին:
Վարժողական ծրագիրը ոչ միայն փորձառութին կ՛ապահովէ ուսանողներուն, այլեւ առիթ մը կը հանդիսանայ «Սանթա Անիթա Փարք»ին մօտէն ծանօթանալու համար ուսանողներուն, որոնք կրնան ընկերութեան ապագայ պաշտօնեաները դառնալ:
Նման վարժողական ծրագիրներու միջոցաւ, ուսանողները նաեւ առիթ կ՛ունենան մօտէն ծանօթանալու տարբեր ընկերութեանց, ինչ որ որոշ չափով կը դիւրացնէ ապագային ասպարէզը ընտրելու, ընկերութեան հետ կապեր հաստատելու եւ շուկային ծանօթանալու իրենց աշխատանքը: