
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Օգոստոս 13ի գիշերը, ամերիկեան «So You Think You Can Dance?» պարային մրցոյթին ընթացքին որոշուած են աւարտական հանգրուան հասած ութեակի անդամները, որոնց շարքին է 22ամեայ Փօլ Կարմիրեանը, որուն ելոյթը շատ լաւ տպաւորութիւն ձգած է դատակազմի անդամներուն վրայ: Դատաւորներէն մէկը՝ Նայճըլ Լիթկաօն, նոյնիսկ կանխատեսած է Կարմիրեանի յաղթանակը:
Յիշեցնենք, որ Փօլը դարձած է Հայաստանի «Պարի՛ր, թէ կարող ես» պարային մրցոյթի երկրորդ շրջանի յաղթողը:
«So You Think You Can Dance?»ի տասներորդ շրջանի յաղթողը, դրամական պարգեւի կողքին, Լոս Անճելըսի լաւագոյն պարային դպրոցներուն հետ համաձայնագիր կնքելու հնարաւորութիւն պիտի ստանայ: