Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 8ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Վանքի շրջափակին մէջ բացօթեայ նորակառոյց խորանին վրայ պատարագեց Կորիւն արք. Պապեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ:
1952 թուականէն սկսեալ, երբ կառուցուած է կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի հովոցի Ս. Աստուածածին մատուռը, կաթողիկոսութեան կողմէ Ս. Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնը հռչակուած է իբրեւ «Ուխտի Օր»ը Պիքֆայայի վանքին:
Հաւատացեալ ժողովուրդը հաւատարմօրէն ամէն տարի մեծախումբ բազմութեամբ ներկայ կը գտնուի Ս. պատարագին, խաղողօրհնէքին ու աւանդական մատաղի օրհնութեան:
«Հայր մեր»էն անմիջապէս առաջ, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, երբ երկիրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ՝ յատուկ աղօթքներու ճամբով: Ապա վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը՝ ներկայ հազարաւոր ժողովուրդին:
Բազմութեան մէջ մեծ էր թիւը յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք յատուկ կապուածութեամբ ու երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան ուխտի օրուան:
Յայտնենք, որ պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը անդրադարձաւ Ս. Մարիամ Աստուածածինի տիպարին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր առանցքային ներկայութեան: Ապա վեհափառը, 2013 տարին «Հայ Մօր Տարի» հռչակած ըլլալուն, կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որպէսզի հետեւին Ս. Աստուածածինի օրինակին եւ դառնան տիպար մայրեր: Այս գծով վեհափառ հայրապետը ընդգծեց երեք կարեւոր կէտեր.
ա. Հայ մայրը՝ աղբիւր կրօնական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու.
բ. Հայ մայրը՝ առաքեալ մարդակերտումի ու հայակերտումի.
գ. Հայ մայրը՝ ապաւէն հայ ազգի յաւերժութեան:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. կաթողիկոս իր աղօթքը բարձրացուց Աստուծոյ, խնդրելով հիւանդներու բժշկութիւն, գործոց յաջողութիւն, սուրիահայութեան ապահովութիւն, աշխարհին խաղաղութիւն, ուխտերու կատարում եւ հայ ազգին սէր միութիւն:
Մինչեւ ուշ գիշեր հաւատացեալները մնացին վանքին մէջ եւ Ս. Կոյսի վերափոխման խորհուրդով զօրացած ու իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդուած վերադարձան իրենց տուները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.