
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի Միացեալ հայ ժողովական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 27ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ:
Տոմսերու սակը 85 տոլար է: Տեղեր ապահովելու եւ մանրամասնութեանց համար, դիմել (323) 851-5265 թիւին: