ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Երկուշաբթի, Օգոստոս 19ին, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ, տօնական օրուան մը մեծ խանդավառութիւնը կը տիրէր Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ուր անհամբեր հաւաքուած էին աշակերտներ, ուսուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեան, ծնողներ ու մեծ ծնողներ, բարերարներ, դպրոցի ու հոգաբարձութեան պատասխանատու մարմիններու անդամներ, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի 2013-2014 տարեշրջանի վերամուտի հանդիսաւոր արարողութեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու ու վարժարանի հիմներով եւ հոգեւոր հայրերու միացեալ աղօթքով: Ապա, բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց ու պատգամը փոխանցեց տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան՝ ըսելով. «Հայ դպրոցը Սփիւռքի մէջ կրկնակ առաքելութիւն ունի՝ հայեցի դաստիարակութեան կողքին, հայ աշակերտին ջամբելով լաւագոյն ուսում: Մեր գլխաւոր ձգտումը եղած է հայ մանուկներուն մատուցանել անհրաժեշտ բոլոր միջոցները, որպէսզի ամերիկեան գրականութեան ու գիտելիքներուն զուգահեռ, անոնք կարենան լաւագոյն ձեւով կիրարկել նաեւ հայ լեզուն, ծանօթանան հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթին ու կրօնքին, եւ ամերիկահայ պարկեշտ քաղաքացի դառնալու կողքին՝ գործնականօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերեն Հայ Դատի աշխատանքներուն, Հայաստանի անկախութեան ու հզօրացման»:
Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնուհի Անտոնեան գնահատական խօսքեր յայտնեց մասնաւորաբար ուսուցչական կազմին, ԳԶՎի խնամակալ մարմինին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ծնողաուսուցչական կազմի անդամներուն, կամաւոր աշխատողներուն ու բարերարներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ ու նուիրումով կարելի կը դարձնեն ԳԶՎի կրթական առաքելութեան յաջողութիւնն ու վերելքը:
Վերամուտի հանդիսութեան գլխաւոր պատգամախօսն էր Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան: Ան, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Սիրելի աշակերտներ, դպրոցը այն հաստատութիւնն է, որուն համար որեւէ զոհողութիւն սակարկութեան առարկայ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ դպրոցը այն դարբնոցն է, ուր այս ժողովուրդը կրնայ միասնական դառնալ հոգիով, միտքով, կամքով ու նպատակով: Մեր հայրերը ու մեր շրջապատը մեզի թելադրած էին, թէ Մեսրոպ անունով հրաշագործ մարդ մը ստեղծած է 36 հերոսներ, որպէսզի անոնք պաշտպանեն մեր ժողովուրդը ե՛ւ ձմրան ցուրտէն, ե՛ւ ամրան տաքէն, ե՛ւ կեանքի բոլոր դժուարութիւններէն: Մենք գացինք Մեսրոպի դպրոցը, ուր մենք կրցանք լիցքաւորուիլ հայկականութեամբ, հայ հաւատքով, հայ էութեամբ, եւ հո՛ն է, ուր մենք թրծուեցանք:
Դպրոցը, սիրելինե՛ր, մեր էութեան հիմնաքարն է. եթէ մեր լեզուն չսորվինք, մենք հայ չենք կրնար մնալ. լեզուն հիմնական է՝ եթէ կ՛ուզենք պահել մեր արժանապատուութիւնը, որ դարերէ ի վեր հպարտութեամբ կը կրենք աշխարհի աչքին: Պահել, պահպանել է պէտք, պէտք է արժանի զաւակներ ըլլաք մեր հայրերուն, հաւատքով ու փառքով տէր կանգնինք մեր Ա, Բ, Գին, մեր լեզուին, մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին, որպէսզի գալիք սերունդները օրհնութիւն կարդան մեզի եւ ոչ թէ անէծք: Այս է այսօրուան իմ պատգամը ձեզի, սիրելիներ, եղէ՛ք արժանի զաւակները Ս. Մեսրոպի եւ մեր՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն»:
Ապա իրենց խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ գնահատական, քաջալերական ու շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան Մեսրոպ քհնյ. Աշ, վեր. Ներսէս Պալապանեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ Արմանտ Քիլիճեան:
Հանդիսութեան աւարտին, աշակերտները հաղորդութիւն ստացան ձեռամբ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի եւ Մեսրոպ քհնյ. Աշի, ապա նախաճաշէն ետք ուղղուեցան իրենց դասարանները, առաջնորդութեամբ իրենց դաստիարակ ուսուցիչներուն, սկսելու համար տարուան առաջին դասապահը: