
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ, շուրջ 50 հայորդիներ Օգոստոս 14ի երեկոյեան ներկայ գտնուեցան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի կնքահայր եւ Արեւմտեան թեմի խնամակալութեան ծրագիրի ատենապետ՝ դոկտ. Վահրամ Պիրիճիքի կողմէ ներկայացուած «Պատմական Հայ եկեղեցիներ եւ համայնքներ՝ Կեսարիա (Գայսերի) եւ Իսթանպուլ» նիւթին շուրջ: Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան սոյն ձեռնարկին ներկայացուց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը:
Դոկտ. Պիրիճիք բանախօսութեան ընթացքին ցուցադրեց սահիկներ, որոնցմով ներկաները յստակ կերպով տեսան Կեսարիոյ հայկական եկեղեցիներուն վիճակը: Դասախօսը անդրադարձաւ վերջերս պատմական Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ ներկաներուն հետ բաժնեց իր հոգեկան զգացումներուն վերանորոգումը: Ան խօսեցաւ Կեսարիոյ եւ Պոլսոյ հայ համայնքներուն քրիստոնէական ոգիին եւ ջանքերուն մասին՝ պահպանելու համար Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները, ապա վերյիշեց կեսարացի ազդեցիկ կարգ մը անձեր, որոնց մէջ էին ճարտարապետներու Պալեան ընտանիքը, Մելգոնեան եղբայրները (բարերարները Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան) եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը:
Իր խօսքին մէջ, Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան դոկտ. Վահրամ Պիրիճիքի փոխանցեց առաջնորդին երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը եւ անդրադարձաւ նաեւ դոկտ. Պիրիճիքի նուիրումին՝ Արեւմտեան թեմի սեպուհ առաքելութեան, անոր մատուցած թանկագին ծառայութիւններուն եւ ղեկավարի աստուածատուր կարողութիւններուն: