
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին ի նպաստ դրամահաւաք կատարելու համար, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տէր եւ տիկին Մայքըլ եւ Էյմի Պոյաճեանները իրենց բնակարանին մէջ պիտի հիւրընկալեն «Քազինոյի երեկոյ» մը, որուն մասնակցութեան սակը 100 տոլար է՝ ներառեալ ընթրիք եւ խմիչք: Երեկոյեան ժամը 8ին պիտի սկսի «Փոքըր»ի մրցաշարքը:
Պոյաճեաններուն բնակարանի հասցէն է՝ 2054 Erin Way, Glendale, CA 91206:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 919-2686 թիւին կամ aboyd@tritechrestoration.com հասցէին: