

ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Շիքակօ հաստատուած ընկերութեան մը մտա-յղացումը հանդիսացող «BrainWare SAFARI» համակարգչային ծրագիրը մաս պիտի կազմէ «Մեսրոպեան»ի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի կրթական ծրագիրին, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ծրագիրը մեծապէս կը նպաստէ ուսուցման աշխատանքներուն՝ ի մի բերելով ուղեղի ուսումնասիրութեանց նորագոյն գիւտերն ու կրթական նորարարութիւնները:
Մեսրոպեան վարժարանը կը հանդիսանայ Լոս Անճելըս շրջանի առաջին դպրոցը, որ այս ծրագիրը կ՛օգտագործէ նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական:
«BrainWare SAFARI» ծրագիրին նպատակն է միաժամանակ զարգացնել սորվելու եւ մտածելու ունակութիւնը:
Ծրագիրին հեղինակներուն համաձայն՝ զայն կրնան օգտագործել 6էն 106 տարեկան «աշակերտ»ներ: Ծրագիրը կը բարելաւէ աշակերտներուն յիշողութիւնը, կեդրոնացումը, ուշադրութիւնը եւ մտածելու կարողութիւնը:
1965ին հաստատուած վարժարանը, առաջնորդութեամբ տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի, ի գործ կը դնէ կրթական մարզի նորագոյն միջոցները: Տնօրէնը կրթական հարցերու եւ վարժարաններու բարելաւման մարզի խորհրդական մըն է, որ ազգային ու միջազգային մակարդակով ճանչցուած է՝ ուղեղի արդիական ուսումնասիրութիւնները կրթական մարզ փոխադրելու նպատակով իր աշխատանքին համար: Ան կը յայտնէ, թէ նման ծրագիրներ աշակերտները լաւապէս կը պատրաստեն դիմագրաւելու համար որեւէ մարտահրաւէր:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.MyBrainWare.com կայքը, իսկ վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (562) 699-2057 թիւին կամ armenianmesrobianschool@yahoo.com հասցէին: