ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յորդանանը ունի պատմութենէն ժառանգուած մշակութային բազմաթիւ արժէքներ, որոնք կու գան հարստացնելու երկրին քաղաքակրթութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ բնութիւնը, տեսարաններն ու տեսարժան վայրերը: Թէեւ այս տեսարաններուն մէջ կան անապատային բաժինները, բայց նաեւ կայ ատկէ դուրս եկող գեղեցկութիւնը, որ թերեւս կրնայ նկատուիլ «չոր» եւ «միապաղաղ», բայց խորքին մէջ ապրող վկայութիւն է: Այս վկայութիւններուն կարգին կան նաեւ աստուածաշնչական ենթահողէ եկած իրավիճակներ, որոնք իւրաքանչիւր այցելու կը դնեն այդ իրականութիւններու դէմ յանդիման՝ մէկ կողմէ գօտեպնդելով հաւատքը, միւս կողմէ՝ արժէքը:
Հետաքրքրական է Մեռեալ ծովը դիտել իբրեւ Յորդանանի այդ գեղեցիկ իրականութեան մէկ անբաժանելի մասնիկը: Չէ՞ որ մահուան ու կեանքին, թէկուզ հակասական հասկացողութիւններուն մէջ կան իրարու բախող եւ շատ անգամ նաեւ իրարու շաղկապուած իրավիճակներ, որոնք կու գան ամբողջացնելու մարդուն եւ անոր պատմութեան հոլովոյթները: Այս իրականութենէն մեկնած՝ կարելի է բացատրութիւն գտնել ծովուն «մեռեալ» կոչուելուն, երբ անոր գեղեցկութիւնը վեր է ամէն կասկածէ: Կայ նաեւ աւելին. անիկա կը կոչուի նաեւ «Աղի ծով», իսկ աղը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ կեանքի նշան… Շատ է թիւը այն այցելուներուն, որոնք կու գան բուժուելու նոյնինքն Մեռեալ ծովուն մէջ, որ կեանքին հետ համեմատելու իրականութիւնը նաեւ կու գայ այն վիճակէն, որ կարելի չէ խեղդուիլ կամ ընկղմիլ անոր մէջ, նոյնիսկ եթէ մարդ կամովին ուզէ այդ մէկը ընել:
Բայց Մեռեալ ծովուն մէջ կը հոսի նաեւ այլ կենդանի իրականութիւն մը՝ Յորդանան գետը… Յորդանան գետին առնչուած է աստուածաշնչեան եւ քրիստոնէական մշակոյթին մէկ մեծ ու կարեւոր իրականութիւնը՝ հոն մկրտուեցաւ Քրիստոս… Բազմաթիւ են ուխտաւորները՝ յատուկ նպատակով այցելուներ կամ զբօսաշրջիկներ, դէպի Յորդանան գետին երկու կողմերը. բայց նաեւ անոր հանդիպակաց տարածքին շրջակայքը կան քրիստոնէական տարբեր համայնքներու պատկանող եկեղեցիներ եւ եկեղեցական շէնքեր, որոնք կառուցուած են պետական արտօնութեամբ եւ հրամանագիրով՝ շրջանին քրիստոնէական մշակոյթի իրականութիւնը աւելի եւս ամրապնդելով:
Այդ եկեղեցիներուն շարքին է նաեւ հայկականը. հոս կը սկսի հայուն եւ իմ հպարտութիւնս: Ին՞չ հպարտութեան մասին է խօսքը…
Հպարտութիւն՝ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ճանչցած առաջին ժողովուրդը ըլլալու եւ քրիստոնէական մշակոյթին մէջ՝ համաշխարհային եւ ներազգային, մեծ ու գործօն անդրադարձ ունեցած ըլլալու, բայց նաեւ կայ այլ հպարտութիւն մը եւս…
Բայց շարունակելէ առաջ պէտք է բանալ փակագիծ մը:
Չէ՞ որ Յորդանանի մէջ կայ հայկական փոքր գաղութ մը՝ շուրջ 3000 անհատ հաշուող, ունի մէկ փոքրիկ հայկական նախակրթարան, երկու եկեղեցի, քանի մը մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական կազմակերպութիւններ… Բայց չէ՞ որ փոքր գաղութները դատապարտուած են «մեռնելու», չէ՞ որ մեր ազգային եւ համասփիւռքեան վերլուծումներուն մէջ կայ նաեւ փորձառութիւնը՝ վճռելու, թէ «պէ՞տք է յոգնիլ եւ մտածել» անոնց կարգավիճակին մասին, մանաւանդ որ անոնք կրնան արագօրէն վերջանալ:
Փակագիծը փակելէ առաջ արժէ հաստատել, որ հպարտութիւնը ինքնին այն իրականութեան մէջ է, թէ հայկական «փոքր» գաղութը գիտցած եւ կրցած է իր տեղը ունենալ քրիստոնէական եւ պատմամշակութային արժէք ներկայացնող Յորդանան գետի ընդարձակ երկայնքին՝ հանդիսանալով հայկական իրականութիւն մը՝ տարբեր եկեղեցիներու կողքին: Սուրբ Կարապետ եկեղեցին կառուցուած է տոքթ. Կարօ Կարապետեանի յիշատակին համար կատարուած նուիրատուութեամբ:
Շարունակեցի դիտել հայկական եկեղեցին, որ կարգին էր փոքր հեռաւորութիւններու վրայ իրար կողքին կանգնած եկեղեցիներուն. անիկա կը հանդիսանայ «ապրող» իրականութիւն մը՝ «մեռեալ»ի կողքին:
Ծովուն շրջակայքին մէջ է, բայց ունի իր վկայութիւնը՝ մէկ կողմէ հայուն քրիստոնէական մշակոյթի ինքնութեան եւ ինքնագիտակցութեան, միւս կողմէ՝ հայուն պատմութեան: Վկայութիւն մը, որ հայը իր բազմաչարչար պատմութեան եւ անոր «կոտտացող» վէրքերուն մէջէն տակաւին «ապրող» իրականութիւն է, նաեւ՝ այն մասին, որ հայը տակաւին կը գոյատեւէ Սփիւռքի մէջ՝ շրջանցելով «մեռած» կամ «մեռնելու ենթակայ» ըլլալու փորձառութիւնները եւ ապրելով նոյնիսկ Մեռեալ ծովու տարածքին:
Հակառակ փոքր ըլլալուն, Յորդանանի հայկական գաղութը ունի իր շարունակուող պատմութիւնը:
«Ամէն տեսակ ճիգ ի գործ կը դնենք, որպէսզի հայկական մեր մշակութային արժէքները ամուր պահենք», կ՛ըսէ Ներսէս Ներսէսեան՝ գաղութի գործօն անդամներէն մին, որուն կեանքին հիմքը իր աշխատանքային ասպարէզին կողքին հայկական իրականութիւնն է: Ինք ու իր գործակիցները համախմբուած են եկեղեցի-միութիւն-ակումբ երրորդութեան շուրջ եւ կարծէք հեւքի մէջ են՝ պահելու հայուն վկայութիւնն ու անոր ապրող իրավիճակը:
Ապրիլ 24ին այդ շրջանին մէջ գտնուիլս թէեւ պարզապէս զուգադիպութիւն էր, սակայն այս իրականութիւնը աւելիով հաստատեց մէջս գաղութին ապրող վկայութիւն ըլլալու իրողութիւնը. արդարեւ, նոյնքան եւ աւելի քաջալերական էր տեսնել երիտասարդներուն մասնակցութիւնը մշակութային եւ հայկական կեանքին՝ զայն առաւել եւս ամրապնդելու միտումով:
Տարածուած ենք աշխարհով մէկ, իրականութիւն մը, որ մեր կամքով չէր: Պատմութեան ստեղծած «սեւ ճակատագիր»ն է ասիկա, որ կարծէք «դամբանի մրուրով գրուած» ըլլայ: Այս փորձառութիւնը մեր պատմութիւնը թաթխեց արիւնով, իսկ արիւնէն ետք տիրեց կոտորակուած իրավիճակ: Բայց կայ նոյնինքն այս արիւնաքամ եւ կոտորակուած պատմութեան փորձին վկայութիւնը, որ հայուն «ապրող իրականութիւնն է: «Մեռեալ» իրավիճակներու մէջէն՝ «ապրող» իրականութիւնը, թէ՝ պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն իսկ հայը գիտցաւ «ապրիլ» եւ այս «ապրելու» իրականութիւնը զինք հասցուց այս օրուան: Յորդանանի վկայութիւնը այս ապրող իրականութեան մէկ փոքր արտայայտութիւնն է: Այս վկայութիւնները պէտք է քաջալերէ հայը, որպէսզի մտածէ ու գործէ «դրական» մթնոլորտով եւ հայեցակէտով: Դրական հայեցակէտով է, որ կարելի պիտի ըլլայ տարածուած եւ կոտորակուած «ապրող» իրականութիւնները համախմբել՝ ստեղծելու համար համահայկական «դրական ուժ»ը: Իսկապէս կ՛արժէ հաւատալ դրական ուժին իրողականութեան եւ կարողականութեան:
Բայց միշտ կայ հարցում մը, նաեւ անոր հետ ինքզինք պարտադրող պարտականութիւն մը: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պէտք է աշխատի՝ այս դրական ուժին ստեղծման ի խնդիր:
Նիկոսիա, Կիպրոս
Ռամկավար Մամուլ